Ազգային Երեսփոխանական Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի 15 Եկեղեցիներու Մէջ

endroutyounԵրէկ` կիրակի, 16 փետրուար» 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւններ` 36 ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար, համաձայն իւրաքանչիւրի ծուխին:

Յառաջիկային Կրօնական ժողովին կողմէ պիտի ընտրուին նաեւ 6 այլ երեսփոխաններ` կղերական դասէն, ազգային երեսփոխաններուն թիւը բարձրացնելով 42-ի:

Երէկուան ընտրական հոլովոյթը ընթացաւ ժողովրդավարական պայմաններու մէջ: Յաջորդիւ աւելի մանրամասն կը ներկայացնենք ընտրութիւններուն ընթացքը եւ արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES