Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Եկեղեցական Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Անցնող շաբաթավերջին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը կազմակերպած էր ժողովրդային տօնախմբութիւն մը` նպատակ ունենալով Ս. Սարգիսի տօնը ազգային-տոհմիկ մթնոլորտով կայացնել:
Տօնախմբութիւնը սկսաւ շաբաթ, 15 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, եկեղեցւոյ թաղին մէջ կանգնեցուած տաղաւարներուն մէջ տեղի ունեցած ցուցադրութիւն-վաճառքով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» եւ «Արագած» մասնաճիւղերը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, «Քրիստափոր» եւ «Հրայր դժոխք» պատանեկան միութիւնները եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր կիրակնօրեայ վարժարաններու «Բարեւ փոքրիկներ» մանկապատանեկան խումբի ելոյթ, ժամանցի յատուկ պահ` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներուն հետ, իսկ երեկոյեան` ժողովրդային եւ ազգային երգերու երգահանդէս:
Իսկ երէկ առաւօտեան մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն ապրած Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին եւ նահատակութեան վրայ:
«Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ հաւանաբար Ս. Սարգիսի համազօր սուրբ չկայ: Հաւատքի եւ զգացական տարօրինակ թելերով մեր ժողովուրդը կապուած է այս սուրբին, որ բոլոր ժամանակներուն ալ մեր ժողվուրդին կողմէ կոչուած է արագահաս, բարեխօս եւ շնորհատու», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Սարգիս կեանքէն եւ աշխարհէն եկող անձնաւորութիւն մըն էր, բայց հակառակ իր զինուորական ասպարէզին, դարձած էր Քրիստոսի հետեւորդ եւ իր հաւատքին մէջ այնքան խորացած էր, որ նկարագիրով մօտեցած էր Քրիստոսի ու Աստուծոյ:
Սրբազանը բացատրեց, որ ժողովուրդը Ս. Սարգիսին մէջ տեսած էր սրբութիւն, մեծազօրութիւն, ինչպէս նաեւ նկատած էր, որ Աստուծոյ նկատմամբ սուրբին ունեցած սէրը մարդոց նկատմամբ իր ունեցած յարգանքով ու սիրով կ՛արտայայտուէր: «Եկէք հաւատքով փարինք անցեալէն եկող մեր նուիրական սրբութիւններուն, մեր եկեղեցւոյ, ամրանանք մեր հաւատքով, փարինք մեր նուիրական, ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն…», եզրափակեց սրբազանը հայրը:
Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

