Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄՄ – ՀՄԸՄ` 1-1
Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Բ. խմբակին երեք ճակատումներն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Շաբաթ, 15 փետրուարին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ՀՄՄ – ՀՄԸՄ հանդիպումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Թէեւ Ս. կիսախաղին ՀՄՄ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն 70-րդ վայրկեանին Յակոբ Գուճանեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը:
Մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ հաւասարակշռուած` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ կոլ նշանակելու առիթները միշտ ստեղծեցին:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնց թիւը 2000-էն աւելի էր, անոնք քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Շապապ Արապի 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ամալ Թրիփոլիի հետ, մինչ Շեքքա նոյն արդիւնքը արձանագրեց Հարըֆ Ըրտէ Խէյրիի հետ:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- ՀՄՄ 4 10 (14-6)
2.- ՀՄԸՄ 4 10 (8-4)
3.- Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 4 7 (7-9)
4.- Շապապ Արապի 4 4 (8-6)
5.- Շեքքա 4 1 (5-11)
6.- Ամալ Թրիփոլի 4 1 (4-10)

