Լիբանանը Ունեցաւ Իր Նոր Դահլիճը
Իր նշանակումէն տասը ամիս եւ տասը օր ետք, վարչապետ Թամմամ Սալամ կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր դահլիճը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել երկրին կառավարութեան:
Շաբաթ, 15 փետրուարի առաւօտեան, վարչապետ Սալամ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յանձնեց նոր կառավարութեան կազմին անուանացանկը, որուն դիմագրաւած ներքին գործոց նախարարի թնճուկը եւս լուծուեցաւ:
Նախագահ Սլէյմանի եւ վարչապետ Սալամի հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Իշխանութեան երեք պետերուն կողմէ նոր դահլիճին վաւերացումէն ետք, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժի լիբանանցիներուն փոխանցեց նոր կառավարութեան կազմը, որ հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
– Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել
– Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան
– Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք
– Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ
– Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր
– Տեղեկատուութեան հարցերու նախարար Ռամզի Ժրէյժ
– Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ
– Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի
– Ճարտարարուետի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան
– Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ
– Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք
– Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի
– Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր
– Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս
– Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ
– Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն
– Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի
– Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ
– Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ
– Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի
– Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի
– Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ
– Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ
Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ իր ստանձնած պարտականութիւնը ծանր է ու փշոտ` շեշտելով, որ «Ազգային շահերու» կառավարութիւնը արդէն իսկ ծնած է:
«Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հարցերուն շրջագիծին մէջ այս կառավարութիւնը կազմուած է իրարու հետ գործակցելու, ինչպէս նաեւ նախագահ Սլէյմանի հովանաւորութեամբ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսելու նպատակով», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ կառավարութիւնը պիտի ջանայ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ գործել քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելով:
Թամմամ Սալամ ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութիւնը պիտի կազմակերպէ նախագահական ընտրութիւնները եւ պիտի ուղղուի կազմակերպելու երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Ապա կառավարութեան նոր կազմը ստացաւ պաշտօնական իր լուսանկարը` Պաապտայի պալատին մէջ:
Նշենք, որ նորակազմ կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ վաղը` երեքշաբթի, 18 փետրուարին, իսկ վարչապետ Սալամ այսօր իսկ կ՛ուղղուի վարչապետարան, ուր կը ստանձնէ իր պարտականութիւնները:
Վարչապետ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեց:
Սալամի այցելեցին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Նատեր Հարիրի եւ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա:
Սալամ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսէն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիէն:

Պըրրի, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքէն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն:
Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի համար ըլլայ ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճումի նոր հանգրուան մը:
Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն եւ շեշտեց միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն կարեւորութիւնը:
Ան հաստատեց նաեւ Լիբանանի ապահովութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան ընդունեց վարչապետ Սալամը, որուն հետ քննարկեց շաբաթասկիզբին տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները` զօր. Աունի հետ
Կառավարութեան կազմութեան առիթով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ համախմբումի նախարարներուն հետ:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ կազմուած նոր դահլիճին արժէքը կը կայանայ քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու բանալին ըլլալուն մէջ:
Ան մաղթեց, որ պետական հաստատութիւնները վերադառնան իրենց աշխատանքին եւ երկրին բարգաւաճումը ապահովեն:
Կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ինք Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ իր կապերը պիտի խզէ` նկատի ունենալով, որ անոնք արդարութեան նախարարութիւնը զիջած են Աշրաֆ Ռիֆիի: Ան աւելցուց, որ ինք կը նախընտրէր Ռիֆին տեսնել ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ, քան` արդարութեան:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրին` կառավարութիւնը կազմելու անոր ջանքերուն եւ 14 փետրուարին անոր արտասանած խօսքին համար` նշելով, որ անոր կեցուածքները Փաղանգաւոր կուսակցութեան սկզբունքներուն հետ համահունչ են:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը համապատասխանէ լիբանանցիներուն ձգտումներուն:
Ժեմայէլ հաստատեց նախագահական ընտրութիւնները ըստ սահմանադրութեան կատարելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ կառավարութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները պինդ կեցուածք պիտի ցուցաբերեն Լիբանանի ազգային թղթածրարներուն եւ երկրին գերիշխանութեան ու արժանապատուութեան վերաբերող հարցերուն նկատմամբ:
Հակազդեցութեան Ալիք
Կառավարութեան կազմութեան առիթով արձանագրուեցան շնորհաւորական եւ գնահատական բազմաթիւ կեցուածքներ, որոնց կ՛անդրադառնանք ստորեւ:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի լիբանանցիները շնորհաւորեց նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը Լիբանանի համար ըլլայ բարիքի աղբիւր` նկատի ունենալով երկրին սպառնացող ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը կարելի է շրջանցել բոլորին միջեւ գործակցութեամբ եւ երկրին կացութեան ամրապնդումով:
Միքաթի նաեւ շնորհաւորեց Թամմամ Սալամը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար բարիքի դռներ բանայ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի նախագահ Սլէյմանը շնորհաւորեց նոր դահլիճի կազմութեան առումով եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետ Սալամին` իր ստանձնած պարտականութեան մէջ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Սլէյմանի եւ վարչապետ Սալամի հետ` շնորհաւորելու համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
Ռայի պատրիարքը դրուատեց նոր դահլիճի կազմութենէն անմիջապէս ետք վարչապետ Սալամի արտասանած խօսքը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետ Սալամի հետ` բարձր գնահատելով անոնց ջանքերը կառավարութիւնը կազմելու իմաստով:
Շէյխ Քապալան յաջողութիւն մաղթեց կառավարութեան:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ըլլայ դէպի նախագահական ընտրութիւն ուղղուելու սկիզբը, ինչպէս նաեւ երկրին համար քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական նոր հորիզոններ բանայ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ողջունեց Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ անիկա կարեւոր քայլ մըն է երկրին վատթարացած կացութիւնը լուծելու ճամբուն վրայ:
Քերրի մաղթեց, որ կառավարութիւնը շարունակէ դիմագրաւել Լիբանանի ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց Լիբանանի նոր դահլիճին կազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան սահմանադրական ժամկէտը յարգելու:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան կուսակցութիւններուն Սուրիոյ տագնապին միջամուխ չդառնալու ու յարգելու Լիբանանի մէջ որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծը:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ շնորհաւորեց վարչապետ Սալամը անոր կազմած կառավարութեան համար` նշելով, որ Բրիտանիա պատրաստակամ է գործակցելու Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան հետ:
Հէյկ կարեւոր նկատեց նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը:
Ան բարձր գնահատեց նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ի խնդիր:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան:
Սպանիոյ կառավարութիւնը շնորհաւորեց լիբանանեան քաղաքական ուժերը, որոնք կրցան կառավարութիւն մը կազմել` հակառակ շրջանային վատ իրադարձութիւններուն:
Այս առիթով Սպանիոյ կառավարութիւնը շնորհաւորեց նախագահ Սլէյմանն ու վարչապետ Սալամը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք օժանդակեցին կառավարութեան կազմութեան:
Սպանիոյ կառավարութիւնը Լիբանանի նոր դահլիճին կազմութիւնը անհրաժեշտ նկատեց` նախագահական ընտրութիւնը կազմակերպելու առումով:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն շնորհաւորեց վարչապետ Սալամը` ընդգծելով պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Էշթըն բարձր գնահատեց Պաապտայի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան մշակոյթը:
Ան ընդգծեց այս տարուան ընթացքին սահմանադրութեան համաձայն ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը:

