Արթիւր Նազարեան. Կենսագրական Գիծեր
Ծնած է Պէյրութ, 1951-ին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու «Ֆիլատելֆիա» համալսարանին մէջ, ուր ուսանած է կերպասի ճարտարագիտութեան ճիւղը եւ աւարտած` 1973-ին:
Կը գործէ առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ. ան գործարաններ ունի նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ:
1998-2000 նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի կառավարութեան մէջ վարած է զբօսաշրջութեան եւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնը:
2007-ին, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի կողմէ արժանացած է Մայրիներու «Հրամանատար»-ի շքանշանին:
2009-ին Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ առաջադրուած է Արթիւր Նազարեանի թեկնածութիւնը` Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն: Տոհայի մէջ գոյացած համախոհութեան իբրեւ արդիւնք ան ընտրուեցաւ երեսփոխան:
Ա. Նազարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ է:
Ամուսնացած է Թամար Գալայճեանի հետ եւ ունի երեք զաւակ` Կերի, Ալեքս եւ Փիթըր:

