Հոճսըն 2014-ի Մոնտիալէն Ետք Ալ Պիտի Մնայ Անգլիոյ Ֆութպոլի Մարզիչ

hodgsonԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն կը վայելէ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարին` Ալեքս Հոռնի զօրակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ վերջինս կը յայտնէ, որ Հոճսըն 2014-ի Մոնտիալէն ետք ալ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ եւ իր կազմին հետ պիտի մասնակցի Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ` մասնակցելով անոր զտումի մրցումներուն:

Երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Հոռն ըսաւ, որ իր անձնական կարծիքով, Հոճսըն սքանչելի ձեւով կը կատարէ իր պաշտօնը, հետեւաբար պէտք է մնայ մարզիչ:

Նշենք, որ Հոռն այն չորս անձերէն մէկն է, որ 66 տարեկան Հոճսընը նշանակեց Անգլիոյ մարզիչ:

 

Share this Article
CATEGORIES