Էտկար Մանուչարեան Կը Փորձէ Վերադառնալ Հոլանտա

edgarԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Էտկար Մանուչարեան ներկայիս կը գտնուի Հոլանտա, ուր նոր ակումբ մը կը փնտռէ: Եթէ յառաջիկային ան պայմանագիր մը չկնքէ հոլանտական որեւէ ակումբի հետ, ապա 28 փետրուարին պիտի վերադառնայ Ուրալ Եքաթերինպուրկ:

Նշենք, որ յունուար 2014-ին ռուսական ակումբը Մանուչարեանն ու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող այլ մարզիկ մը` Արթուր Սարգիսովը ծախու հանեց:

Նշենք, որ 27 տարեկան Մանուչարեան 2005-2010 ելոյթ ունեցած է Հոլանտայի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES