ՁՕՆ ՄԻՀՐԱՆԻՆ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԱԾ «ԴՈՒՆ ՁՈՒԿ ՉԵՍ ՈՐ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Միհրան.- Վայրկեան մը շապիկս փոխեմ գամ, եւ հանգիստ խօսինք:
(Ետեւի դռնէն կ՛ելլէ դուրս):
(Արձագանգը նախ ասոր-անոր ականջին հետ կը խաղայ, ապա դուրս կ՛ելլէ` ըստ յարմարութեան): (Բոլոր աչքերը միասնաբար խաւարում կը ծպտուին):
(Յուզումը ջուրի անցք մը կը շինէ
ու «իմ փոքրիկ նաւակ»ը կ՛անցնի
իմ աչքերուս տակէն
քու աչքերուդ տակը
իր աչքերուն տակէն
անոր, անոր, անոր, անոր…)
Վարագոյր
*
* *
1+1= խնդուք
1+1= կրակոց (կամ եղանակ` ըստ ոմանց)
Պայուսակս չբացած արդէն
պանիրով հացս կերեր էին:
«Ռիուայնտ ըրէ եւ ըրած ատենդ դիտէ, կը տեսնես, որ մենք ձեր կեանքը փրկեցինք: Ձեզ անապատներէն գտնելով` ձեր տուները առաջնորդեցինք
ու «հաշի-պաշի»ով մեռածներն ալ
արթնցուցինք»:
Գոնէ առեղծուածը մնար առեղծուած
եւ չվերածուէր կեղծ ծխախոտի
կամ մէկ առաւել մէկի:
*
* *
Մարկօ արդէն յոգնած էր
Մինասը` գաւաթէ զաւակը տաքութիւններու մէջ կ՛այրէր:
Սառամանէ աղջիկը` Սիլվան
պաղ առած էր ու ձայնը քաշուած էր:
Կարմիր լոյս մը կար
կը վառէր, կը մարէր, կը վառէր
կը մարէր, կը վառէր, կը մարէր
Մեծ, միջակ
մեծ, միջակ, պզտիկ
միջակ, քիչ մը մեծ
Ձուկ մը անցաւ գաւաթիս բռնակին մէջէն
սառամանիդ վրայէն սահելով` ինկաւ Մարկոյի
ափերուն մէջ:
Երկրորդ մըն ալ անցաւ…
Երրորդ մըն ալ…
Մարկօ երեքը միասին կլլեց:
Մարկօ այլեւս յոգնած չէր, ուրեմն
մորթը փոխելու ժամանակը եկած էր:
Մինասին ընդմէջէն, Սիլվային քսուելով,
Մարկոյի մէկ ձեռքը միւսին ծափ տալով,
ծնաւ ձուկ մը. ծփաց գլուխ մը.
ցատկեցին երկու ոտքեր:
«Ցամա՜ք», «ցամա՜ք» պոռաց բերան մը:
Բայց եկուր տե՛ս, որ ականջները
«սամաք, սամաք» լսեցին:
ՀՐԱՅՐ ՉԱՆԱՆ