ԱԶԳ. ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԻ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախակրթարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 19 յունիս 2011-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը նուիրուած էր «Մանուկներու տարուան». այդ պատճառով ալ բեմը յարդարուած էր այս կապակցութեամբ մեծատառ կարգախօսներով եւ ծաղկաւէտ տեսարաններով:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա վարժարանի երգչախումբը կատարեց երկու խմբերգ. «Եկէք երգենք» եւ «Ղարաբաղ»:

Վեցերորդ դասարանի աշակերտներ արտասանեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն բանաստեղծութիւններ:

Հետաքրքրական եղաւ թատերական ներկայացում մը, զաւեշտական բնոյթով, որուն թեման ընտանիքն էր, որ պէտք է ըլլայ համերաշխ հօր եւ մօր միասնական գործակցութեամբ, որպէսզի զաւակները հասակ առնեն բնական մթնոլորտի մէջ:

Հաճելի եղան ներկայացումները ժողովրդական պարերու` գեղեցիկ տարազներով: Գեղարուեստական յայտագիրը վկայութիւնն էր վարժարանին մէջ կիրարկուող գեղարուեստական ծրագրի կարեւորութեան: Երգով, պարով, խմբական թէ անհատական արտասանութիւններով, եւ թատերական յատուկ պահերով աշակերտները ուսման կողքին կը ստանան նաեւ հայ արուեստին հետ ընտելանալու առիթներ` հայկական դրոշմ կրող:

Շրջանաւարտները ընդունուեցան ջերմ ծափերով: 33 երկսեռ շրջանաւարտներ, նորահաս սերունդի զաւակներ ուրախացուցին ներկաները, որոնք վստահ էին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը դաստիարակուած էր հայաշունչ մթնոլորտի մէջ: Շրջանաւարտները «Առաջ հայրենիք» խմբերգով արժանացան ծափահարութեան, ապա ընթերցուեցաւ ուղերձը, որով շնորհակալութիւն կը յայտնուէր ստացուած կրթութեան, ուսման, ուսուցչական կազմին հանդէպ երախտագիտական զգացումներ արտայայտուեցան: Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նոյնպէս ծնողներուն, անոնց գիտակից վերաբերումին եւ նուիրումին համար:

Վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան իր սրտի խօսքով շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի կողքին ջանադիր աշխատանք տանող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի Թաղական խորհուրդի, հոգաբարձութեան, տիկնանց եւ ծնողական խորհուրդի անդամներուն: Ան յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ սրբազան հօր, որ միշտ հետաքրքրուած է վարժարանին ընթացքով, ինչպէս նաեւ վարժարանի երկար տարիներու բարերար Յարութիւն Սարգիսեանին, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս սիրայօժար կերպով օգտակար կ՛ըլլայ վարժարանի վերելքին: Տնօրէնը վստահեցուց ծնողները եւ ներկայ հանդիսականները, որ շրջանաւարտները պիտի շարունակեն մնալ հայկական մթնոլորտի մէջ, հայրենասիրութեամբ տոգորուած եւ պատուաբեր ընթացք մը ունենալու իրենց վարժարանին անուան բարձր պահպանման:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ արտայայտեց իր ուրախութիւնը` հայակերտումի այս օճախէն շրջանաւարտներուն ի տես, գնահատեց անոնց ծնողները, շեշտելով  այն ճշմարտութիւնը, թէ օտարներէն չկայ յոյս, հետեւաբար մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր դպրոցներուն, ուր միայն կարելի է ստանալ ու վայելել հայ լեզուին ու հայ մշակոյթին համը, գեղեցկութիւնը: Սրբազանը բարձր դասեց մեր ազգային վարժարաններուն հայակերտ ու հայապահպան ՏՈՒՆ մը ըլլալու իրականութիւնը, շնորհաւորեց աշակերտները, անոնց մաղթեց բարձր վկայականներ եւ ծնողներուն` հաւատարմութիւն հանդէպ հայ դպրոցին:

33 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները սրբազանին ձեռամբ եւ օրհնութեամբ:

Անուանացանկ շրջանաւարտներու.

Արմիկ Գույումճեան, Արամ Հաննա, Աւետիս Ուաննես, Իզապէլ Տիարպի, Թամար Ճէրէճեան, Ճորճ Պարսում, Ճոյս Պարսում, Ճեսիքա Պարսում, Րաֆֆի Գալայճեան, Ռիթա Յակոբեան, Ռիթա Քիւրքճեան, Կարէն Զաքարեան, Սարին Փիլաւճի, Սեւակ Սիմոն, Սեւակ Գէորգ, Սեւան Չէքմէեան, Շանէլ Սինանեան, Շանթ Մատարեան, Գէորգ Տեմիրճեան, Լէյլա Քըրտ Մըսթօ, Լիլիթ Գայապալեան, Մարք Պարսում Մարգարեան, Մարինա Սիմոնեան, Մարօ Թապագեան, Մովսէս Գույումճեան, Միսաք Գանտահարեան, Մելիսա Գուճանեան, Մեղրի Ներսէս, Նաթալի Օսկեան, Նարեկ Գոճայեան, Նարեկ Ասլանեան, Նուր Մըրհեպ, Յասմիկ Զէյթունցեան:

Share this Article
CATEGORIES