50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1964)

Խմբագրական.

Ազատութեան Ոգին
(Փետրուար 18-ի Առթիւ)

Քառասունեւերեք տարիներ անցած են այն օրէն, երբ մայր հայրենիքի ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ ծառանալու համար պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ կեղծ  խոստումներով իր իշխանութիւնը հաստատելէ ետք Հայաստանի վրայ, շուտով խոստմնադրուժ եղած էր` անլուր տառապանքի մատնելով հայ ժողովուրդը:

Երբ կը խօսինք ու կը գրենք փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան մասին, առհասարակ կը ծանրանանք պատմական այդ ըմբոստացումի ներքին պատճառներուն վրայ:

Համատարած վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով համայնավարութիւնը անշնչելի դարձուցած էր կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ, ուր եկած էր ներքին ինքնավարութեան խոստումով, եւ` բռնական կամ անարդար որեւէ քայլ չառնելու ապահովութիւնը տալէ ետք:

Հազիւ ոտք դրած Երեւանի մէջ, ուրացաւ սակայն իր բոլոր խոստումները եւ համատարած սպանդանոցի մը վերածեց երկիրը` կացինահարելով, բանտարկելով, աքսորելով, կողոպտելով ու խեղդակապ անցընելով կենսունակ եւ խաղաղատենչ ժողովուրդի մը վզին:

Եւ պոռթկաց հայ ժողովուրդը: Տարերային թափով մը, որ կը մերժէ տրամաբանութեան եւ ընկալեալ դիւանագիտական դատողութեան ամէն փորձ, ծառացաւ արիւնարբու գազաններու դէմ` փրկելու համար նախ իր հազարաւոր ընտրեալ զաւակները, ապա նաեւ` ազգային իր արժանապատուութիւնը, որ լլկուած էր խարդախ ու նենգ իշխանութեան կողմէ:

Անկասկած կ՛արժէ վերլուծել համաժողովրդային այս ապստամբութեան ներքին, ենթակայական եւ հոգեբանական պատճառները: Ինչպէս իր բոլոր ճախրերուն եւ խիզախումներուն, նաե՛ւ փետրուար 18-ի ծառացման մէջ, հայ ժողովուրդը դուրս է քաղաքական մտածողութեան ամէն հակակշռէ: Յաղթանակ եւ պարտութիւն նկատի չունի: Ուժերու կշիռը, կամ չարաչար ենթարկումի մը հեռանկարը չեն զբաղեցներ իր միտքը: Ճնշուած է ու անպատուուած: Անիրաւուած է ու վիրաւորուած` իր արժանապատուութեան մէջ: Չի կրնար շնչել: Չի կրնար տոկալ: Եւ կ՛ընդվզի:

Փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը անկիւնադարձ մըն է` հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ: Խեղդուած անկախութենէ մը ետք, բռնութեան թաթին տակ, հայը, հոգեկան եւ գաղափարական հակազդեցութեամբ, կը զգացնէ մարդկային հոգիի յաւիտենական ձգտումին անայլայլ ներկայութիւնը իր մէջ:

Այսօր ալ, Փետրուարեան ապստամբութենէն 43 տարի ետք, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան յետին ծայրագաւառ, հայ ժողովուրդը գիտակ է ազատութեան իր իրաւունքին, եւ, նոյն սրբազան տենչով, կը ձգտի հայրենիքը ազատագրուած տեսնել ամէն կարգի ճնշումէ եւ բռնութենէ:

Պատմութիւնը ամէնէն ուղիղ եւ ապահով ճամբան է անցեալը լուսաւորելու եւ ապագան յստակօրէն գուշակելու համար:

Հայաստանի խորհրդայնացումը անշուշտ պարտադրանք մըն էր մեզի համար, թուրքեւխորհրդային սիրալիր գործակցութեան այդ օրերուն, երբ Քրեմլինի նոր իշխանաւորները, յատկապէս` հակաբրիտանական իրենց քաղաքականութեան եւ այդ քաղաքականութենէն թելադրուող մրցակցութեան մղումով, «եղբայր» ու «սրտակից» դարձան քեմալական կառավարութեան եւ միասնաբար ծրագրեցին  ջնջումը բոլոր այն անկախ պետութիւններուն, որոնք կը գտնուէին իրենց ճանապարհին վրայ:

Այս քաղաքականութիւնը, որ մեզի հարկադրեց կամաւոր հանդուրժողութիւն մը` խորհրդայնացումին, յանգեցաւ ի վերջոյ ժողովուրդ մը սրածելու եւ հաւաքաբար խուժանի վերածելու քայլին, 2 դեկտեմբեր 1920-էն մինչեւ 18 փետրուարի նախօրեակը: Հայաստանի ղեկավարութեան հիմնական մտահոգութիւնն էր, Դրօ-Լեգրան խօսակցութիւններու ընթացքին, հայութիւնը փրկել բնաջնջումէ: Սակայն այս մտահոգութիւնը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ այլեւս, համաժողովրդային ապստամբութեան նախօրեակին, երբ պոլշեւիզմը գազանային իր մոլուցքով կը ձգտէր փոշիացնել մեզ` խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք:

Կ՛ուզենք ըսել, թէ փետրուար 18-ը ժողովրդային անզուսպ պոռթկումի մը թուականն է, եւ, իբրեւ այդպիսին, չի կրնար տոկալ տրամաբանական կամ դատողական որեւէ բռնազբօս ճիգի:

Share this Article
CATEGORIES