Մ. Վարանդեանի «ՀՅԴ Պատմութիւն» Զոյգ Հատորներու Միացեալ Հրատարակութեան Առիթով. Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը
Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ պատմութիւն» պատկառելի այս աշխատասիրութեան վերահրատարակութիւնը այսօր, անտարակոյս, առիթ կու տայ կարգ մը խորհրդածութիւններու, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն ներկայի կարգ մը իրականութիւններ ու կրնան նոր դռներ բանալ յատկապէս մեր երիտասարդութեան ապագայ գործունէութեան դիմաց:
Դաշնակցական գրականութեան հսկայական գրադարանը իր մեծամասնութեամբ լայն տեղ յատկացուցած է դաշնակցական մարտիկներու, հերոսներու, ղեկավարներու յուշագրութեանց, ներկայացուցած ու պանծացուցած է ազգային ազատագրական պայքարի զանազան հանգրուաններու պատահած դէպքերն ու գործած դէմքերը ու իբրեւ այդպիսին` խանդավառող ու կրակոտ ենթահող հարթած է Դաշնակցութեան շարքերուն միացող սերունդներուն ու Դաշնակցութեան գործին հաւատացող համակիրներու հսկայ բանակին համար:
Դաշնակցութեան մարտական, ազատագրական ու յեղափոխական գործունէութեան նուիրուած հրատարակութիւններուն բաղդատած` վտիտ է թիւը տեսական, գաղափարաբանական ու տեսաբանական հարցերով հրապարակուած աշխատասիրութեանց` ձգելով այն թիւր տպաւորութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը չէ զբաղած նման հարցերով ու բաւարարուած` Դաշնակցութիւնը գործի կուսակցութիւն է կարգախօսով, այն ըմբռնողութեամբ, որ տեսութիւններ, տեսաբանական վէճեր գաղափարաբանական խնդիրներ «պարապ վախտի խաղալիք են» եւ ժամավաճառութիւն:
Կը մոռնանք սակայն, որ երբ աննման Ռոստոմ ըսած է` «Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետոյ` գաղափար…», աւելցուցած է նոյն ատեն, թէ` «Աւելի ճիշդ` յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար»:
Ու ինչպէս մտածել, թէ կարելի է սկսիլ որեւէ շարժում, որեւէ աշխատանք, որեւէ գործունէութիւն, որեւէ պայքար, որեւէ յեղափոխութիւն թէ ազատագրական կռիւ` առանց այդ բոլորէն առաջ պատրաստելու գաղափարական ենթահող, զետեղելու գաղափարական սկզբունքներ եւ ծիրեր ու այնուհետեւ մեկնարկել որեւէ աշխատանք: Ա՛յս, եթէ անշուշտ կը խօսինք այնպիսի շարժումներու մասին, որոնք կը ձգտին փոխել իրականութիւններն ու իրավիճակները, բարելաւել ժողովրդային զանգուածներու առօրեան, զայն ազատել կաշկանդող կապանքներէ ու իրաւունքը վերադարձնել իրաւատիրոջ:
Այլ խօսքով, կը խօսինք Դաշնակցութեան մասին: Գաղափարական հիմունքներով յեղափոխութեան դրօշ բարձրացուցած Դաշնակցութեան մասին:
Գաղափարն ու զէնքը միաձուլած Դաշնակցութեան մասին:
Այս մեկնակէտով կարելի է քննել այսօր Մ. Վարանդեանի ներդրումը Դաշնակցութեան բանակին:
Արցախի Վարանդա գաւառի ծնունդ Միքայէլ Յովհաննէսեան տակաւին քսան տարեկանը չբոլորած` կը հասնի Ժընեւ իբրեւ քաղաքական գիտութեանց ուսանող, ու անմիջապէս կը սկսի իր աշխատակցութեան «Դրօշակ»-ի, «Մուրճ»-ի ու «Մշակ»-ի, իսկ աւելի ուշ` «Pro Armenia»-ի: Կ՛անցնի Ռումանիա, 23 տարեկանին, իբրեւ գործիչ, կը ձերբակալուի ու կ՛արտաքսուի: 28-30 տարեկանին կ՛ընտրուի ՀՅԴ Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ: Կը մասնակցի 1907-ին գումարուած ՀՅԴ Վիեննայի Դ. Ընդհանուր ժողովին ու կը դառնայ գլխաւոր ներշնչողն ու խմբագիրը ՀՅԴ ծրագիրին` գտնելով ոսկեայ միջինը ընկերվարական գաղափարաբանութեան, ազատագրական պայքարին ու կազմակերպականօրէն թրքահայ ու ռուսահայ դատերուն միջեւ:
Օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն եղաւ Պոլիս, անցաւ Կովկաս, դարձաւ «Հորիզոն»-ի ու «Յառաջ»-ի խմբագիր:
Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին նշանակուեցաւ Հռոմի մէջ դեսպան ու այնուհետեւ անցաւ Ֆրանսա, ուր եւ մահացաւ 1934 ապրիլ 22-ին:
Եղաւ նաեւ մասնակից «Նեմեսիս» գործողութեան` մաս կազմելով հետախուզական այն աշխատանքին, որուն իբրեւ արդիւնք` ահաբեկուեցաւ Սայիտ Հալիմ փաշան:
Բծախնդիր ու մանրակրկիտ պրպտումներ` ընդլայնելու համար Վարանդեանի կենսագրական գիծերը, թերեւս շատ բան չաւելցնեն անոր գործին վրայ: Գործ մը, որ ներկայացուած է 18 հատորներով, հիմնականին մէջ գաղափարական, տեսաբանական ոլորտներով` ի խնդիր Դաշնակցութեան յեղափոխական գործին:
Վարանդեան եղաւ դաշնակցական այն տեսաբանը, որ իր վճիտ լեզուով, քննական ու գիտական մտքով, պատճառականութեան տեսական փնտռտուքով, առաւելագոյն առարկայականութեամբ ու առանց հաճոյամոլութեան եւ անհատական ցուցադրականութեան, անանձնական մօտեցումով կրցաւ ժողովրդականացնել Դաշնակցութեան սկզբունքները, գաղափարական ուղղութիւնն ու տեսական-տեսաբանական խնդիրները:
Անտարակոյս ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնունդ էր տառապանքի: Միաժամանակ ան ծնունդ էր գաղափարական հոլովոյթի եւ կուտակումներու: Եւ առանց գաղափարի ուժին` կարելի չէր մաքրազտել Դաշնակցութեան գործը եւ բիւրեղացնել զայն:
Ու մանաւանդ կարելի չէր ու կարելի չէ ապահովել Դաշնակցութեան գոյութիւնը:
Գաղափարական ու բարոյական սկզբունքներն են որոնք ընթացիկ ահաբեկչութիւնը կը վերածեն ազգային ազատագրական պայքարի:
Նոյն սկզբունքներն են, որոնք դրամահաւաքը կը վերածեն գործի մասնակցութեան ազգային պարտականութեան:
Գաղափարն է, որ այսպէս ըսած` միջցեղային կամ միջկրօնական ընդհարումները կը վերածէ ազատութեան ձգտող արդար կռիւի:
Գաղափարական սկզբունքներն են, որոնք կրօնը դուրս կը բերեն զուտ պաշտամունքային արարողակարգէն ու զայն կը վերածեն ի սպաս հաւատացեալին ազատութիւն, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն պարգեւող հաւատքի:
Գիտական փաստարկումներով ու գաղափարական սկզբունքայնութեամբ միայն կարելի է պատմական նենգափոխումներուն պատասխանել կամ հակադաշնակցական վայնասունները լռեցնել:
Ու Վարանդեան եւ իր նմանները եղան դաշնակցական այն վիթխարի գործիչները, որոնք շարունակ հրահրեցին վառուող եւ երբեմն մարելու գացող կրակը: Որովհետեւ երբ կը դադրի շունչը, ի վերջոյ կը դադրի կրակը:
Բայց որովհետեւ պէտք չէ մարել դաշնակցականի շունչը, Դաշնակցութեան շունչը, այնքան ատեն որ կրակը վառողներու ու զայն վառ պահողներու ազգային նպատակները չեն իրականացած, ապա անհրաժեշտ էր ՀՅԴ պատմութեան վերահրատարակութիւնը:
Ու հոս կը դրուի արդէն հիմնական մէկ այլ մտահոգութիւն:
Ներկայ դարու արժէքաքանդումի, սուտ արդիականութեան, համաշխարհայնացած մարդու, ամէն ինչ նիւթով չափելու, բարոյականութեան մոռացումի, ծանուցողական ցուցադրամոլութեան ընդհանուր ունայնութեան մէջ, առաջին ակնարկով խենթ պէտք է ըլլալ խօսելու Դաշնակցութեան հին գրականութեան ու վերահրատարակութեան մասին: Ժամանակ չկայ, զբաղած ենք, ընթերցող չկայ, հնամաշ գիրքեր եւ այլ պատճառաբանութիւնները սկսած ենք այնքան մը ըմբռնել ու հասկցող դառնալ, որ կամովին բռնած ենք ոչ թէ նահանջի ճամբան, այլ` անդունդի ճամբան, մոռնալով, որ օրըստօրէ տեղի կու տանք ամէն ինչի դիմաց, կը մոռնանք մեր գոյութեան տուն տուող պատճառները ու կը վերածուինք պարբերաբար քով քովի դրուած թիւերու խաղի, պատահական մարդոց համախմբումի, կերուխումներու ընթացքին կենացներ խմող ստուերներու, ու յաջորդ օր դարձեալ մեր առօրեայ հեւքը հետապնդող մարդոց:
Ընդունուած կարգ է, զաւակը պէտք է ճանչնայ իր ծնողքը: Զաւակը, եթէ կ՛ուզէ պահել իր ծնողքը, պարտի ճանչնալ զանոնք:
Եւ մենք, եթէ տակաւին մենք զմեզ կը նկատենք զաւակները Դաշնակցութիւն կոչուող ծնողքին, ապա պարտինք ճանչնալ զայն, պրպտել անոր էութիւնը:
Դաշնակցութիւնը չենք ճանչնար թութակի պէս հերոսներու անուններ կրկնելով, ոչ ալ` գիրքի մը կողքէն փրցուած կարգախօս մը կրկնելով կամ վանկարկում կատարելով:
Արդիականութիւնը մոռացում չէ, անցեալի մերժում չէ, ոչ ալ` անցողակի ու ժամանակաւոր նիւթերու ցուցադրական արշաւներ:
Դաշնակցական գրականութիւնը հնամաշ չէ, ոչ ալ` փոշիներու կուտակում, անցեալապաշտութիւն ալ չէ, այլ` անթեղուած կրակ: Հո՛ն է մեր պատմութիւնը, հո՛ն են պայքարի մեր հիմերը, հո՛ն է գաղափարական մեր ենթահողը:
Այսօր, երբ կը խօսինք Արցախի, Ջաւախքի, Նախիջեւանի, գրաւեալ Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ մասին, երբ կը խօսինք ընկերվարութեան, ազատութեան, հաւասարութեան, արդար քրտինքի եւ արդարութեան մասին, կը մոռնանք, որ հո՛ն է, մեր յեղափոխական աւանդին մէ՛ջ է հսկայական հարստութիւնը, որուն ժառանգորդներն ենք մենք, եւ աւա՜ղ, կը վատնինք այդ հարստութիւնը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան անկիւնադարձային այս հանգրուանին, եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները յաղթահարելու կոչուած նոյնքան կարեւոր այս հանգրուանին, Դաշնակցութեան գաղափարական, տեսաբանական, քաղաքական, կազմակերպական սկզբունքներու վերայայտնաբերումը ու ժողովրդականացումը վստահաբար նոր մղում եւ վերընձիւղող ուժ պիտի տայ բոլորիս:
Ու ճիշդ հոս կը կայանայ մեր պատասխանատուութիւնը`
Իբրեւ երէց դաշնակցականներ,
Իբրեւ ղեկավարներ,
Իբրեւ մտաւորականութիւն,
Իբրեւ մամուլ, դաշնակցական մամուլ:
Այո՛, մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնն է, որ դաշնակցական ու հայ երիտասարդութեան, հայախօս թէ օտարախօս, ներկայացնենք, վերարտադրենք, վերակենդանացնենք, վերարժեւորենք, վերաթարմացնենք ու արդիականացնենք դաշնակցական գրականութիւնը եւ հոն տեղ գտած արժէքներն ու սկզբունքները:
Եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլը առօրեայ իր հեւքին մէջ եւ առօրեան ներկայացնելու իր աշխատանքին կողքին, պէտք է միշտ յիշէ, որ իբրեւ դաշնակցական մամուլ` պարտի միշտ վառ պահել անցեալէն եկած, բայց ոչ հինցած ու իր արժէքով մնայուն գաղափարը եւ զայն ընդգրկող գրականութիւնը:
Իսկ մեր երիտասարդութիւնը, որ այդքան ոգեւորուած է այսօր Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի ու Արեւմտահայաստանի հարցերով, Հայաստանի անկախացումով, հայրենադարձութեան թէ Արեւմտահայաստան գործուղումներով, պէտք է գիտնայ, որ առանց պեղելու անցեալը, առանց պեղելու պատմութիւնը եւ գաղափարական ենթահողը` պիտի մնայ բոպիկ ու խարխափող:
Ու եթէ որոշած ենք դաշնակցականանալ, ապա ուրեմն վերըմբոշխնել է պէտք ՀՅԴ գրականութիւնը եւ հոն տեղ գտած դաշնակցական սկզբունքներու թէ առաքինութիւններու լաւագոյն օրինակները:
Վերահրատարակե՛նք, թարգմանե՛նք, տարածե՛նք, բանիւ եւ գործով, մամուլով, ցանցային համակարգով ու արդիականութեան տուած բոլոր բարիքներով:
Կարելի չէ մոռնալ անցեալը: Չապրինք անոր մէջ, բայց չմոռնանք, որ ներկայի արժէքը կ՛ամրանայ, կ՛ամրապնդուի անցեալէն եկած արժէքներով, եւ կը խրոխտանայ մեր պայքարը, կը պողպատանայ մեր կամքը, այնքան աւելի, որքան մեր արմատները սնունդ կ՛առնեն անցեալէն ու մեր ճիւղերուն պտուղները կը թափին մեր պարտէզին մէջ, թերեւս եւ` արդիական ու ներկայի պայմանները գոհացնող կեղեւով:
ՀՅԴ պատմութեան վերահրատարակութիւնը, Վարանդեանի գրիչին վերարժեւորումը ըլլալով, առաջին քայլը թող ըլլայ գալիք աշխատանքներուն:
Այլ աշխատանքներու կարգին, նաեւ դաշնակցական գրականութեան անդաստանին իր բերած համեստ, բայց կարեւոր մասնակցութեամբ ծանօթ մեր սիրելի Մատթէոս Պէրպէրեանի, տերվիշ եւ փոթորկոտ դաշնակցականի հոգին վստահաբար պիտի հրճուի ի տես նման աշխատանքի մը կայացման:
Ուստի Միքայէլ Վարանդեանն ու իր ՀՅԴ պատմութիւնը թող ըլլան սկիզբը նորանոր հրատարակութեանց:

