Երիտասարդական Ոսպնեակ. Անխուսափելի Փետրուարեան «Գարուն»-ի Մը Դէմ Յանդիմա՞ն (18 Փետրուար 1921)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Հայաստանի մէջ իրավիճակը այնպիսին է, եւ հարցերը այնքան կը թէժանան, որ որեւէ պահու կրնան պայթում յառաջացնել: Իշխանութիւնները այդ իրավիճակը չեն տեսներ եւ ամէն բան բնականոն կը նկատեն»:
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
Ո՛չ, խելամիտ չէ երբեք ներկայ ժամանակներու ժողովրդային ընդվզումի արաբական «գարուն»-ներու տարբերակը բաղդատել ատենի հայոց թէ այլ համաժողովրդային պոռթկումներուն հետ` անոնց խորհուրդը նսեմացնելու դիտաւորութեամբ եւ խուլ ձեւանալով` շարունակել իշխանատենչութիւնն ու աթոռամոլութիւնը, երբ անդին ազգ մը ամբողջ կը տուայտի` սխալ, վաշխառու եւ եսակեդրոն քաղաքական ու տնտեսական գործընթացներու իբրեւ հետեւանք:
Փաստօրէն, մեր` հայոց պարագային, նման ինքնակործան եւ անհեռանկար քաղաքական պէս-պէս վարքագիծերու, ընկերային մօտեցումներու եւ անհատական ապաբարոյ վերաբերումներու կը հանդիպինք, երբ նոյնինքն նորանկախ հայրենիքի քաղաքական, գաղափարական թէ տնտեսական մտածողութիւններու պաստառին վրայ, ի զարմանս բոլորին, տակաւ կը յամենան ինքնակեդրոն եւ ինքնագոհի ստուերներ` հայ կեանքի, փառքի, արժեհամակարգի եւ ապագայի հաշուոյն:
Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ ազգերու պատմութիւնը արձանագրած է բազմաթիւ նմանատիպ հերոսագրութիւններ, որոնք ունենալով հանդերձ խոր ու տիրական անդրադարձ մարդկային ողջ կեանքի հոլովոյթի վրայ, անոնք այլապէս ալ դատապարտուած են մնալու սոսկ իբրեւ պատմաքաղաքական դիպաշարեր, եթէ երբեք ամէն քայլափոխի չարժեւորուին, չգնահատուին, չընդգծուին եւ առհասարակ լոյսին չբերուին անոնց դրդապատճառներն ու հոգեփոխիչ տարրերը, որպէս կենսաւիշ ու խթան` յետնորդ սերունդներու:
Արդարեւ,
Վերոնշեալ նախերգանքէ մը ետք, եւ աւելի քան իննսուն տարիներու հեռաւորութեամբ, այսօր, ո՛ւր պէտք է տեղադրել Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդն ու կշիռը, ո՛ր համոզումին ընդառաջ` զայն ըմբռնելու հրաւէրներ ու կոչեր արձանագրել, ինչպիսի՛ քաղաքական ու գաղափարական ձեւաչափեր հարկ է որդեգրել, ըստ էութեան հասկնալու համաժողովրդային այդ պոռթկումին խորքն ու դրդապատճառը: Աւելի՛ն. ինչպէ՛ս պիտի կարենանք եւ առանց նեղմիտ ու տեղայնական մօտեցումի, խաւար ու հատուածական կողմնորոշումի բարձրաձայնել այս իւրայատուկ պատմաքաղաքական արարքին ու համաժողովրդային ցասումին տարերայնութիւնն ու համազգային կարեւորութիւնը:
Այո՛, արդի հայոց պատմութիւնը` ըլլա՛յ յուշագրութեամբ, ըլլա՛յ հայ մամուլի էջերուն մէջ արձանագրուած լայնածաւալ անդրադարձներով եւ վերապրած հայդուկներու, մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու վկայութեամբ յետնորդ սերունդներս ժառանգեցինք Փետրուարեան ապստամբութեան ամբողջ համայնապատկերը` յանուն ազգի ու հայրենիքի գոյատեւման, արժէքներու պահպանման ու պայծառ մտածողութեան ջրդեղման:
Հպանցիկ ակնարկ մը` տուեալ ժամանակի իրադարձութիւններուն, յստակ կը դարձնէ իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը բացառաբար պէտք է ապաւինիլ ազգային մտածողութեամբ պարուրուած ղեկավարներու, գործիչներու եւ շրջանակներու, որպէս ապաւէն ու պատուար` գալիք ընկերային փոթորիկներու, քաղաքական նկրտումներու եւ թշնամական սպառնալիքներու:
Աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու եւ ռազմական բիրտ դասաւորումներու իբրեւ հետեւանք Հայաստան կը խորհրդայնանար, 2 դեկտեմբեր 1920-ին: Լենին-Քեմալ «եղբայրական» գործակցութեամբ սկիզբ կ՛առնէր վայրագ ու համայնակուլ քաղաքական գործընթաց մը, ուր փոխադարձ սին շահերու հիմամբ` բարբարոսաբար պիտի տնօրինուէին իրենց ենթակայ ժողովուրդներու ճակատագիրը:
Մէկ կողմէ համայնավար Լենինը կը զիջէր Արեւմտահայաստանը եւ թուրքին կը յանձնէր Կարսն ու Արտահանը, միւս կողմէ, կարմրաշառայլ Կասեաններ եւ Նուրիջանեաններ կ՛ուրանային Հայաստանի պետական ներկայացուցիչի` պաշտպանութեան նախարար Դրոյի հետ կնքուած համաձայնագիրը, եւ անմիջապէս հալածանքի ու ջարդերու կը դիմէին հայ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն դէմ:
Այսպէս, բարբարոսութեան ծարաւ համայնավար վարչակարգը ո՛չ միայն ուզեց իշխանութեան գլուխ գալ եւ ստանձնել պետական համակարգը, այլեւ` ի գործ դրաւ թրքատիպ քաղաքականութիւն մը, որ կը միտէր արմատախիլ ընել ազգային ամէն խորհրդանիշ, ի սպառ ջնջել հայաշունչ եւ հայրենասէր ամէն կեցուածք, բայց մանաւանդ աւերումի եւ թալանի միջոցաւ բարոյալքել եւ ծունկի բերել հայ շինական տարրի ընդունակ եւ քաջասիրտ կերտուածքը:
Բոլշեւիկեան մարդակեր մականին տակ շնչահեղձ հայութիւնը կը ստիպուէր լո՜ւռ եւ ատամները սեղմած տանիլ հրէշ Յեղկոմի արիւնարբու վարքագիծը, եւ սպասել հետագայ զարգացումներուն, որովհետեւ հայ ժողովուրդը քաջ գիտէր ստեղծուած կացութեան ահաւորութիւնն ու պատուհասով լեցուն հետեւանքները:
Անդին, հակառակ քաոսային եւ անտանելի իրադրութիւններուն, հայ ժողովուրդի առասպելատիպ եւ հայրենապաշտ զօրավար Գարեգին Նժդեհ կը ղեկավարէր Լեռնահայաստանի գոյամարտը եւ ծունկի բերելէ ետք համայնավար եւ թուրք հորդաները կը փրկէր Զանգեզուրը եւ իր կարգին կ՛երկնէր պատմաքաղաքական եւ ազգային-գաղափարական յաղթանակներու ամէնէն տիրականն ու մշտնջենականը` Մայիսեան հայրենակերտ սխրանքներէն ետք:
Իրօք, Սարդարապատ կերտած հայութիւնը ինքզինք կը գտնէր նոր, այլապէս դժոխային իրադրութիւններու դէմ յանդիման, երբ ոչ միայն ստիպուած էր բոլշեւիկեան թալանիչ ու կործանարար հալածանքները իր ուսերուն վրայ կրելու, այլ նաեւ ազգային արժանապատուութիւնը խոցելու եւ ինքնութիւնը բնաջինջ ընելու յստակ միտումներուն եւ գործընթացներու դէմ կանգնելու:
Եւ եղաւ անխուսափելին: Այս անգամ ժողովուրդն էր, որ իր բոլոր շերտերով եւ գաղափարական երանգներով նետուեցաւ մարտադաշտ, ողողեց գիւղերն ու շրջանները եւ պայքարի դրօշը պարզեց` յանուն հայոց գոյութենական նորովի պատերազմի:
Դաշնակցական հայդուկներ թէ հայ պետական գործիչներ ա՛լ չունէին այլընտրանք, եթէ ոչ ստանձնել համաժողովրդային պոռթկումի ղեկավարութիւնը եւ ազգի մնացորդացը պաշտպանել կարմիր հորդաներէն:
Հայրենապաշտ հայութիւնը անվեհեր ու խիզախօրէն դէպի թշնամին սլացաւ: Ան ամբողջ զօրութեամբ մղուեցաւ դէպի բանտերը ազատելու համար հայ պետական ընտրանիի մնացորդացը, հսկայական թափով սկսաւ ճակատիլ յարձակող ուժերու դէմ, ինքնեկ եւ առանց երկմտանքի նետուեցաւ պատերազմի դաշտ, այս անգամ համայնավարներէն փրկելու մայրաքաղաք Երեւանը եւ հաստատեց իր իշխանութիւնը, որ թէեւ ապրեցաւ կարճ ժամանակի համար, այդուամենայնիւ, կրցաւ հոգեփոխել ազգի մը ամբողջ դիմագիծը, եղաւ անկիւնադարձ, ապրող խորհուրդ եւ ամէնէն էականը` ցոյց տուաւ հայոց ազատ ապրելու ոգեկանութիւնը:
Աւելի՛ն. Փետրուարեան ապստամբութեամբ հայութիւնը վաստկեց ամէնէն թանկագին արժեհամակարգը` ազգային մէկութեան գաղափարականին ու միասնականութեան հաւատամքը:
Ի դէպ, տասնամեակներ շարունակ զուր տեղ փորձուեցաւ այս մարտնչումը պիտակաւորել, իր իսկական բովանդակութենէն պարպել, ամէն քայլափոխի արժեզրկել եւ նորահաս սերունդներու հոգեկան ու մտային աշխարհներէն հեռու պահել, մոռացութեան մատնել, պարզապէս յագուրդ տալու ապազգային ու տխեղծ համոզումներու:
Այսօր, աւելի քան քսան տարիէ անկախացած է հայրենիքը: Հայոց պետականութիւնը թէեւ դեռատի, սակայն կը շարունակէ ամրապնդման իր գործընթացը: Տարուէ տարի հայոց բանակը կը համալրէ իր շարքերը, կը սպառազինուի, կ՛արդիականանայ, աւելի մարտունակ կը դառնայ, իր քաջազուն սպայական թէ զինուորական կազմով աւելի կը հայանայ, հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան սուրբ գործին նահատակներ կը մատուցէ, հպարտօրէն կ՛ապրի ու կը շնչաւորէ:
Այդուամենայնիւ, հայրենիքը կը դիմագրաւէ նորովի մարտահրաւէրներ, բազում խոչընդոտներ ու անհամար բացթողումներ` ատիկա ըլլայ պետական համակարգի, ըլլայ իշխանական մակարդակի եւ առհասարակ ընկերային ու տնտեսական կեանքին վերաբերող, ուր ծայր առած արտագաղթի արագասոյր եւ կենսամակարդակի վհատեցուցիչ պայմանները մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի քաոս եւ անել ուղիներ:
Ինչպէս անցեալին, Փետրուարեան ապստամբութիւնը պետական յեղաշրջում չէր, իշխանատենչութեան համար մղուած սին պայքար չէր, հաւաքական ինքնասպանութիւն չէր, այլեւ` հայոց դարաւոր տենչերուն եւ երազանքին ամէնէն պայծառ արտայայտութիւնն ու ցեղային արժանիքներու վերակենդանացումը, վերայառնումը:
Այո՛, ազատ ու արժանահաւատօրէն ապրելու, հպարտութեամբ շնչելու, բարօր ու անկաշկանդ ստեղծագործելու գերագոյն նպատակ:
Մէկ խօսքով` Արարատի պաշտամունքով աւելի հայանալու:
Կը հաւատանք, որ, ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր հայութիւնը ի հայրենիք, իր ատամները սեղմած, ինքզինք զսպած, լո՜ւռ բայց ոչ ամլացած կը տանի այսօրուան իշխանաւորներու օրով ի գործ դրուած ծանր լուծը, պարզապէս որովհետեւ ան գիտակից է իր կեանքի դժուարութիւններուն, աշխարհաքաղաքական երկդիմի խաղերուն, թշնամի ու բարբարոս երկիրներով շրջապատուելու իրականութեան, Արցախի սրբազան ու անկրկնելի յաղթանակը վառ պահելու ողջմտութեան, ընկերային քաոսէ եւ դժոխային պայմաններէ հեռու մնալու առողջ բնազդին, եղբայրասպան թէ ինքնակործան արարքներէ խուսափելու նախանձախնդիր մօտեցումին, հայրենիքը ցնցումներէ զերծ պահելու լայնախոհութեան, նահատակներու հանդէպ ցուցաբերած յարգանքին ու պաշտամունքի, բայց մանաւանդ` հայոց նորովի պետականութիւնը չկորսնցնելու մտատանջութեան:
Հայրենի իշխանաւորներ պարտաւոր են գիտակցիլ այս բիւրեղ ճշմարտութեան եւ լծուիլ շուտափոյթ աշխատանքի եւ լուծման որոնումի, այլապէս ժողովուրդներու կեանքի մէջ դաժան են եղած հաւաքական պոռթկումի, ցասումի եւ վրէժխնդրութեան ալիքներն ու տարողութիւնը:
Այս օրերու մոտա ժողովրդական «գարուն»-ներու ազդեցութենէ ձերբազատելու համար, ականջ տանք մօտիկ անցեալի հայոց փետրուարեան «գարուն»-ին, սորվինք ու կլանուինք անոր խորհուրդով, որպէսզի գէթ անգամուան մը համար դասեր քաղած ըլլանք անցեալի իրադարձութիւններէն:
Ժամանակն է հասեր նմանօրինակ ճակատագրապաշտութենէ հեռու մնալու եւ փրկելու հայոց նաւաբեկեալ իրականութիւնը:

