Հալէպի Մէջ Կռուող Ազրպէյճանցի Զինեալներուն Հրամանատարը Սպաննուած Է
Փետրուար 6-ին Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու խմբաւորումները յարձակում գործած են Հալէպի բանտին վրայ: Մարտերու ընթացքին սպաննուած է ազրպէյճանցի զինեալներուն հրամանատարներէն մէկը` չեչեն Սէյֆուլլահ Շիշանին:
Ազրպէյճանական news.lent.az կայքէջը, յղում կատարելով Kavkaz Center լրատու գործակալութեան թուիթրեան գրառումին, կը ներկայացնէ սպաննուած զինեալին լուսանկարը` աւելցնելով, որ Հալէպի մէջ անոր հրամանատարութեան տակ ազրպէյճանցիներ կը կռուին:
CATEGORIES Միջազգային

