Մոսկուա Ուաշինկթընի Կը Թելադրէ Սուրիական Կառավարութեան Հետ Ուղղակի Կապ Հաստատել

Սերկէյ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը սուրիական ընդդիմութեան մէկ փոքր մասը կը ներկայացնէ եւ ոչ բոլորը»:

Ան ըսաւ, որ շարք մը ընդդիմադիրներ նոր մարմին մը կը կազմեն եւ կը ջանան բանակցութիւններուն մասնակցիլ` վստահեցնելով, որ «Սուրիոյ տագնապին լուծման համար Ժընեւի հաղորդագրութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի «Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան հիմք ծառայող որեւէ որոշում պիտի չորդեգրէ, եւ կողմերը, որոնք ընդդիմութիւնը զէնքերով կը մատակարարեն, կրնան նաեւ մարդասիրական նիւթեր մատակարարել»:

Լաւրով Ուաշինկթընի կոչ ուղղեց սուրիական կառավարութեան հետ սեփական կապ հաստատելու` փոխանակ շարունակ Մոսկուային թելադրելու Ասատի կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել:

«Ինչ կը վերաբերի այն լուրերուն, թէ Միացեալ Նահանգներ ենթադրաբար Դամասկոսի վրայ յաւելեալ ճնշում պիտի բանեցնեն, եթէ իրենց ուզածը քաղաքական ճնշում է, ապա մենք շատոնց Միացեալ Նահանգներու կը թելադրենք սուրիական իշխանութիւններուն մօտ ուղղակի աշխատանք տանելու», ըսաւ Լաւրով:

Քերրի Ռուսիան Կը Մեղադրէ Ասատը
Իշխանութեան Վրայ Պահելու Համար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ամբաստանեց Սուրիոյ հարցով խաղաղութեան հոլովոյթը խափանելու յանցանքով` նշելով, որ «Ասատ զինուորական ձեռքբերումներ կ՛ուզէ եւ ոչ թէ բանակցութիւն»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Ռուսիա Ասատի կառավարութեան աջակցելու փոխարէն պէտք է Սուրիոյ մէջ լուծումին մաս կազմէ»: Ան Ռուսիան Ասատի իշխանութեան վրայ մնալուն համար պատասխանատու նկատեց:

Մինչ այդ, «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Քալամունի Եապրուտ, Սլիթա եւ Սահալ գիւղերէն շուրջ հազար ընտանիքներ փախուստ տուին դէպի Լիբանանի հիւսիսային Պեքաա շրջանին մէջ գտնուող Արսալ շրջան: Կայքը կը նշէ, որ սուրիական այդ գիւղերուն բնակչութեան շուրջ 85 առ հարիւրը հեռացած են իրենց գիւղերէն, իսկ մնացեալ 15 առ հարիւրը մնացած են հազարաւոր զինեալներու կողքին, որոնք փոքր եւ միջին չափի զէնքերով զինուած են:

Share this Article
CATEGORIES