«30 Մարտին Տեղի Ունենալիքը Քաղաքապետական Ընտրութիւն Չէ, Այլ` Թուրքիոյ Ապագային Մասին Բնորոշում» Կ՛ըսէ Պահչելի

Տեւլեթ Պահչելի
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի կիրակի օր Մուղլայի մէջ բացման հանդիսութեան մը ընթացքին արտասանած է խօսք մը, որուն ընթացքին ըսած է. «Եթէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իշխանութեան հասնի եւ եթէ Էրտողան տակաւին այս երկրէն խոյս տուած չէ, ես անոր տան դրան առջեւ գրել պիտի տամ` «Երանի՜ անոր որ թուրք եմ կ՛ըսէ», եւ ամէն առաւօտ թաղամասին մէջ որքան որ մանուկ կայ պիտի հաւաքուին Էրտողանի տան առջեւ եւ դպրոցական երդումը պիտի արտասանեն»:
Պահչելի ըսաւ, որ 30 մարտին նախատեսուած քաղաքապետական ընտրութիւնները իր կուսակցութեան համար շատ կարեւոր պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք այլեւս միայն քաղաքապետութեան ընտրութիւններ չեն, այլեւ` երկրին ապագային մասին բնորոշում մը, այդ պատճառով ալ բոլոր քաղաքացիները անպայման պէտք է քուէարկելու իրենց իրաւունքը օգտագործեն:

