Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել դրուատեց լիբանանեան բանակին նուաճումները եւ ականուած ինքնաշարժները բացայայտելու իրագործումները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ թրքական մշակութային կեդրոնը վերսկսած է իր աշխուժ գործունէութեան եւ մշակած թրքերէնը տարածելու բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնցմէ են Թրիփոլիի մէկ կամ երկու անձնական համալսարաններուն մէջ թրքերէնի ուսուցումը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ սպառնաց հրաժարիլ կառավարութենէն, եթէ անոր մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը չբովանդակէ: Ան աւելցուց, որ ինք նախարարութեան իր աշխատանքին մէջ պիտի կեդրոնանայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն տուեալները ապահովական կառոյցներուն փոխանցելու աշխատանքը հեզասահ դարձնելու քայլերուն վրայ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր գործավար Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի համար մեծ շահ է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան կազմութիւնը կատարուած իրողութեան դահլիճէ մը կամ անիշխանութենէ շատ աւելի նախընտրելի է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն` վերադառնալու իրենց իմաստութեան եւ գիտակցութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ներկայ հանգրուանը կարիքը ունի ազգային զօրակցութեան:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ նշեց, որ ինք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին մեկնաբանութիւն չունի` աւելցնելով, որ ինք այդ իմաստով բարդութիւններ չի տեսներ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ քաղաքական առումով Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի բնականոն ընթացք:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս ըսաւ, որ կառավարութիւնը յստակ առաքելութիւն ունի կատարելիք եւ կարելի չէ անոր աշխատանքային ծրագիրը մշակելու առումով հսկայ ժամանակ վատնել:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն նշեց, որ նախագահական ընտրութեան սեմին Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելը ազգային նուաճում մըն էր:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք կոչ ուղղեց խնդրայարոյց թղթածրարները մէկդի դնել եւ քննարկել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները, որպէսզի անոնց յարմար լուծումներ կարելի ըլլայ գտնել:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ պետութեան ազատութեան` աւելցնելով, որ ոչ ոք օրէնքէ վեր է: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է մշակէ քաղաքական ուժերը համախմբող աշխատանքային ծրագիր մը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր մաղթեց, որ նորակազմ դահլիճը Լիբանանը փոխադրէ դէպի յոյսի նոր հանգրուան:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը դառնայ երկիրը հանդարտեցնելու եւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւն:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ մաղթեց, որ կառավարութիւնը աշխատի կառավարութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերահաստատել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները առիթ ունին եւ անհրաժեշտ է առիթը չփախցնել:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկփեղկում յառաջացած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ մերձեցումին առիթով:

