Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւններ` Կարգ Մը Նախարարութիւններու Մէջ

Կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ, երէկ տեղի ունեցան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւններ կարգ մը նախարարութիւններու կեդրոններուն մէջ:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան մէջ նախարար Ալեն Հաքիմ ստանձնեց իր պարտականութիւնները նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասէն:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի  ստանձնեց իր նախարարութիւնը նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթիէն:

Կենսոլորտի նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախկին նախարար Նազեմ Խուրի նախարարութիւնը յանձնեց Մոհամետ Մաշնուքի, իսկ երկրագործութեան նախկին նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան (ներկայիս` ճարտարարուեստի նախարար) նախարարութիւնը յանձնեց նոր նշանակուած նախարար Աքրամ Շեհայէպի:

Նշենք, որ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ` նախկին նախարար Ուալիտ Տաուքի եւ նախարար Ռամզի Ժրէյժի միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )