Թամմամ Սալամ Ուղղուեցաւ Վարչապետարան, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօր Կը Գումարէ Իր Անդրանիկ Նիստը

Վարչապետ Սալամ` վարչապետարանին մէջ

Վարչապետ Սալամ` վարչապետարանին մէջ

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ վարչապետարան` պաշտօնապէս ստանձնելու վարչապետի իր պաշտօնը:

Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցան կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք եւ Հիշամ Ժարուտի:

Վարչապետարանին մէջ Սալամ արժանացաւ  պաշտօնական ընդունելութեան:

Վարչապետ Սալամի այցելեց մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին անունով շնորհաւորեց վարչապետը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած աշխատանքներուն:

Սայեահ եպիսկոպոսը վարչապետ Սալամի յանձնեց Պքերքէի հրապարակած Ազգային փաստաթուղթէն օրինակ մը` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ լիբանանցիներուն միջեւ մերձեցումի կարեւոր փաստաթուղթ մը` նկատի ունենալով անոր նկատմամբ արձանագրուած դրական կեցուածքները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ Լիբանանի կառավարութեան դիմաց կան լուրջ մարտահրաւէրներ, ինչպէս` Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն չէզոք պահելը, իրենց ղեկավարները ընտրելու լիբանանցիներուն իրաւունքը պահպանելը, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտներու յարգումը:

Հէյլ եւ վարչապետ Սալամ

Հէյլ եւ վարչապետ Սալամ

Հէյլ կոչ ուղղեց նախանձախնդիր մնալու Թաէֆի համաձայնագիրին, «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան:

Հէյլ յայտնեց, որ ամերիկեան պետութիւնը Սալամի անձին նկատմամբ յարգանք ունի` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու Լիբանանի նոր կառավարութեան հետ` ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան դիմագրաւէ իր դիմաց ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ հանդիպումէն ետք ընդգծեց, թէ Լիբանան հսկայ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, յատկապէս ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու եւ Լիբանանը Սուրիոյ պատերազմէն հեռու պահելու առումով:

Ֆլեչըր նշեց, որ այս կառավարութիւնը կազմուած է Լիբանանի մէջ, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ լիբանանցի պատասխանատուները կարողութիւն ունին ազգային մտահոգութիւններուն վերջ մը դնելու նպատակով հասարակ յայտարարներ գտնելու:

Ֆլեչըր շեշտեց, որ Բրիտանիա պիտի մնայ հզօրագոյն դաշնակից` Լիբանանը ազատ, անկախ, գերիշխան եւ ապահով պահելու ջանքերուն զօրակցելու իմաստով:

Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիէն, որ շնորհաւորեց Սալամը` նոր դահլիճին կազմութեան առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց Սալամի յանձնառութիւնը` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:

Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Նիստին ընթացքին պիտի յառաջանայ նախարարական յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մշակել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )