«Ճիշդ Կ՛ըլլար, Եթէ Նախագահը Չանդրադառնար Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգի Հարցին» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան
Անդրադառնալով շաբաթ օր Հայաստանի նախագահին կուտակային կենսաթոշակային համակարգին մասին կատարած յայտարարութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ ճիշդ կ՛ըլլար, եթէ նախագահը չանդրադառնար այդ հարցին:
«Նախագահին սխալ ներկայացուցած են այդ օրէնքը: Ան պէտք չէ այսպիսի կտրուկ յայտարարութիւններ կատարէ, մանաւանդ որ գործը կը գտնուի Սահմանադրական դատարանին մէջ, եւ ինքն ալ կը նշէ, որ թերեւս օրէնքին մէջ կան անյաջող, անհարթ իրաւաբանական ձեւակերպումներ», ըսաւ դաշնակցական պատգամաւորը` աւելցնելով. «Եթէ նախագահը փորձած է իսկապէս մխրճուիլ այս փոփոխութիւններու էութեան մէջ, ապա առնուազն պէտք է համոզուած ըլլայ, որ այն երկրներուն մէջ, ուր համակարգը իբրեւ բարեփոխում կիրարկուած է, ընդհակառակն` բնակչութեան առնուազն 80 առ հարիւրը համաձայն գտնուած է փոփոխութիւններուն հետ: Եւ անոր համար այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր պարտադիր բաղադրիչը թէկուզ փոքր ծաւալներով եղած է, այդ հասարակարգերուն մէջ համաձայնութիւն եղած է քաղաքական ուժերուն եւ հասարակութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող մասնագիտական շրջանակներուն միջեւ»:
Մինասեան ուշադրութիւն հրաւիրեց պատկերասփիւռով օրէնքի վերաբերեալ հանրութեան մօտ դրական տպաւորութիւն ստեղծող պատկերասփռուած հաղորդումներուն, այդ մասին դրական արտայայտուող պաշտօնեաներու պահուածքին վրայ` նկատել տալով, որ անոնք անով անպատասխանատուութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն, քանի որ «աղաւաղումներով կը ներկայացնեն համակարգը»:
Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ ասիկա անպատասխանատուութեան միջավայր եւ մթնոլորտ կը յառաջացնէ, եւ ինք շատ կը փափաքէր, որ երկրին նախագահը չդառնար այդ անպատասխանատուութեան յառաջացման հիմնական դրդիչը:

