Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ
Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերացաւ Ուրուկուէյի հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլճեան, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը 13 փետրուարին հանդիպում մը ունեցաւ Ուրուկուէյի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Տիտիեր Փֆիրթրի հետ. հանդիպումին նպատակն էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտնի թուրք քաղաքական գործիչ Փէրինչեքը արդարացնող վճիռը Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ մերժել տալու եւ վերջինս մղելու դիմելու միեւնոյն դատարանի Գերագոյն ատեանին` վերատեսութեան ենթարկելու այդ հակահայ որոշումը:
Յայտնի դարձաւ, որ դեսպանը ոչ միայն ծանօթ էր Փէրինչեքի հարցին, այլեւ մանրամասնօրէն լաւատեղեակ անոր:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին պարզուեցաւ նաեւ, որ դեսպան Փֆիրթր բաւական լաւ կը ճանչնայ հայկական հարցը եւ հայութեան արդար իրաւունքն ու պահանջատիրութիւնը, քանի որ, ըստ իր ըսածին, տարիներէ ի վեր կը հետաքրքրուի հայութիւնը յուզող հարցերով եւ Հայ դատի հետ կապուած գործունէութեամբ:
Այս հանդիպման աւարտին Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յուշագիրը, ուղղուած` Զուիցերիոյ կառավարութեան յանձնուեցաւ դեսպանին, որ հաճոյքով ընդունեց եւ խոստացաւ անյապաղ զայն յղել իր կառավարութեան:

