«Այն Դիպաշարը, Որ Այժմ Կ՛իրականացուի Երկրին Մէջ, Լաւ Բանի Պիտի Չյանգեցնէ» Կ՛Ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարը տպաւորիչ էր, մասնակիցներուն թիւը 2000-էն աւելի էր: Թէեւ առաջին հայեացքէն համագումարի կազմն ու կառոյցը քիչ մը հետաքրքրական էին` ներկաներուն 15-20 առ հարիւրը իսկապէս երկրապահներ էին, 60-70 առ հարիւրը երկրապահներու հետ որեւէ առնչութիւն չունէին, 15-20 առ հարիւրն ալ թերեւս երկրապահի հակառակն էին: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան` խօսելով Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարին մասին:

Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարը ընտրեց 121 հոգինոց խորհուրդ մը` ղեկավար մարմին, բայց ըստ Աղուան Վարդանեանի, յայտնի չէր, թէ այդ 121 երկրապահներուն ո՞ր տոկոսը կը կազմէին իսկական երկրապահները:

Ան նշեց, որ միութեան համագումարին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն պատգամները, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին, Ազրպէյճանի հակահայկական քարոզչութեան եւ սպառնալիքներուն, շատ տեղին էին: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Աղուան Վարդանեանի, տարօրինակ էր հասարակական կազմակերպութեան այսպիսի համագումարի մը ընթացքին հարցումներու պատասխանելու նախադէպը: «Անշուշտ հանրապետութեան նախագահը կրնայ որեւէ վայրի մէջ ու որեւէ ձեւաչափի մէջ ելոյթ ունենալ, բայց որոշ արհեստականութիւն մը կար նախապատրաստուած հարցում-պատասխանի ձեւաչափին մէջ», ըսաւ ան:

Աղուան Վարդանեան նաեւ նշեց, որ Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարին Հայաստանի նախագահին` շարք մը հարցերուն վերաբերեալ գնահատականները Դաշնակցութիւնը չ՛ընդունիր, մասնաւորաբար` կուտակային համակարգին, տնտեսութեան վիճակին վերաբերեալ եւ այլն: «Մենք` իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն, մեր մօտեցումները կը շարադրենք հրապարակային ու բաց կերպով: Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին երբեք ցեխ շպրտող չէ եղած: Մենք փորձած ենք խօսիլ փաստերով ու հիմնաւորումներով: Մենք իտէալական չենք ու 100 առ հարիւր ճշմարտութեան չենք տիրապետեր, բայց այն հարցերուն, որոնք մենք կ՛անդրադառնանք, կը փորձենք զանոնք խոր ձեւով ուսումնասիրել», ըսաւ Վարդանեան` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այն յայտարարութիւնը, թէ կան քաղաքական ուժեր, որոնք ցեխ կը շպրտեն այն բարեփոխումներուն վրայ, զորս կ՛իրականացնէ իշխանութիւնը:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, չկայ հարթակ մը, ուր կարելի ըլլար տարբեր տեսակէտներ ներկայացնել ու բանավիճիլ, եւ այնպէս մը չըլլայ, որ եթէ կայ քաղաքական մեծամասնութիւն, ուրեմն ինքը 100 առ հարիւրը կը տիրապետէ ամէն ինչին ու բացարձակ ճիշդ է: Ուստի, ըստ Վարդանեանի, Հայաստանի քաղաքական դաշտին կը պակսի ճիշդ այդ հարթակը, ուր պիտի ըլլայ բանավէճ, եւ կողմերը պիտի ներկայացնեն իրենց մօտեցումները: Պատգամաւորը աւելցուց, որ նոյն իշխող մեծամասնութեան մասնակիցներէն ոմանք եւս համագումարէն ծանր տպաւորութիւն ունէին:

«Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, եւ մենք պիտի փորձենք մեր աշխուժութեամբ այդ հարթակը ձեւաւորել», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ երկրին մէջ կան արմատական լուծում եւ միացեալ աշխատանք պահանջող խնդիրներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կա՞ն սպասելիքներ, որ կուտակային կենսաթոշակային բարեփոխումը որոշակի փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի, ան յայտնեց, որ ճանչնալով կառավարութեան մտասեւեռումը` «բարեփոխումներուն» առումով, պիտի ըլլան բազմաթիւ մասնակի լուծումներ, ինչ որ պիտի չփոխէ խնդիրին էութիւնը:

«Երբ նախագահը կ՛ըսէ, որ մենք գիտենք, որ բնակչութեան 80 առ հարիւրը, դէմ է այս բարեփոխման, բայց ատիկա անհրաժեշտ բարեփոխում է, ատիկա ինքնին ճիշդ ձեւակերպում չէ: Որովհետեւ եթէ որեւէ հարցի մը դէմ է բնակչութեան 80 առ հարիւրը, չի նշանակեր, որ 20 առ հարիւրին համար կրնայ հարց որոշուիլ, այն ալ` 30-40 տարուան համար», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ կենսաթոշակային բաեփոխումները անհրաժեշտ են, սակայն այն դիպաշարը, որ այժմ կ՛իրականացուի, որեւէ դրական արդիւնք չունի երկրին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES