Ազգային Ժողովի Նախագահին Փոխանցուած Է Կազի Յանձնախումբի Ստեղծման ՀՅԴ-ի Նախագիծը

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

«Ես փոխանցած եմ կազի հարցերով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու վերաբերեալ նախագիծը: Անոնք պիտի ուսումնասիրեն եւ քննարկեն», Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի մօտ կազի հարցերով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելուն նուիրուած քննարկումէն ետք Panorama.am-ին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, այս հանգրուանին այլ հարցերու շուրջ քննարկում չէ եղած, պարզապէս Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութիւնը եւս իր նախագիծը ներկայացուցած է, որպէսզի ուսումնասիրեն, քննարկեն եւ յետոյ կրկին քննարկում ըլլայ:

Ինչ կը վերաբերի յաջորդ հանդիպման, ապա դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ օրը տակաւին որոշուած չէ, բայց ատիկա երկար սպասեցնել պիտի չտայ իրեն եւ շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES