Ռոնալտօ. «Զիտան Շուտով Կրնայ Նշանակուիլ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ»

Զիտան

Զիտան

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռոնալտօ բաւական ինքնավստահ կը թուի ըլլալ, որ մատրիտեան խումբին իր նախկին խմբակիցը` Զինետին Զիտան, որ այժմ ակումբի գլխաւոր մարզիչի օգնականի պարտականութիւնները կը կատարէ, բոլոր առաւելութիւնները ունի մեծ մարզիչ դառնալու:

ArmSport.am, մէջբերելով Ռոնալտոյի կատարած յայտարարութիւնը` tribalfootball.com-ի հրապարակած մէկ լուրէն, կը նշէ. «Զիտան կրնայ նոյնքան լաւ մարզիչ դառնալ, ինչպէս որ եղած էր իբրեւ ֆութպոլիստ: Ան կրնայ մարզել որեւէ երկրի մէջ: Քարլօ Անչելոթթիի հետ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած Զիտան շուտով կրնայ նշանակուիլ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ»:

Share this Article
CATEGORIES