Լեհման. «Գերմանիոյ Մէջ Պայէրն Միւնիխ Մրցակից Չունի»
Իր լուրը քաղելով Sport1.de կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ենս Լեհման ըսած է, որ ներկայիս «Պունտըսլիկա»-ի խումբերէն ոչ մէկը կրնայ արժանի մրցակցութիւն կատարել Պայէրն Միւնիխի դէմ:
«Դժբախտաբար, այժմ այնպիսի վիճակ մը ստեղծուած է, որ գերմանական խումբերը չեն կրնար արժանի դիմադրութիւն ցոյց տալ Պայէրնի նկատմամբ, Միւնիխցիները շատ գրագէտ ձեւով կ՛աշխատին իրենց հովանաւորներուն հետ եւ ակումբը կը դարձնեն գրաւիչ` ծանուցումներուն տեսանկիւնէն: Ատիկա թոյլ կու տայ, որ միջոցներ հայթայթուին նոր խումբ ստեղծելու համար: Մրցակիցները կրնան Պայէրն Միւնիխի հետ հաւասարիլ միայն այն ժամանակ, եթէ վերջինս իր եկամուտներուն մէկ մասը բաժնէ մրցակից խումբերուն», ըսած է Լեհման:

