Թենիս. Մոսկուայի Մրցաշարք. Անի Ամիրաղեան Չկրցաւ Ապահովել Հիմնական Հանգրուանի Իր Տոմսը

ani-amiraghyianՀայաստանի աղջկանց թենիսի ամէնէն բարձր վարկանիշը ունեցող Անի Ամիրաղեան չկրցաւ ապահովել Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ձմեռնային թենիսի բաց մրցաշարքի հիմնական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ուքրանացի Մարիանա Զակարլիուքէն:

«WTA»-ի ընդհանուր դասաւորման 492-րդ դիրքին վրայ գտնուող հայ մարզիկը, նախքան իր այս պարտութիւնը կրելը, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթած էր ռուս Անթոնինա Լիսաքովային, կը յայտնէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES