«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Հրապարակուեցաւ 2014 Տարուան Յայտագիրը

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» հրապարակեց 2014 տարուան իր յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէ 23 տարբեր տեսակի մրցումներ:

Տարեշրջանը պիտի սկսի 22 փետրուարին` Քարթինկի Ա. հանգրուանի մրցումով:

25-30 մարտին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 30-րդ գարնանային ռելին, 23-25 մայիսին` Ժեզզինի ռելին, 4-6 յուլիսին` Արզի 23-րդ ռելին, իսկ 28-31 օգոստոսին` Լիբանանի 37-րդ միջազգային ռելին:

Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ նշելով, որ քարթինկի ախոյեանութեան մասնակցողներուն արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են:

 

Share this Article
CATEGORIES