«Էն. Պի. Էյ.»-Ի «Օլ-Սթար»-ի Մրցումին. Արեւելեան Շրջանը Յաղթեց Արեւմտեանին` 163-155 Արդիւնքով
«Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ, անոր պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ ամէնէն բարձր արդիւնքը, երբ Արեւելեան շրջանը 163-155 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արեւմտեան շրջանին:
Թէեւ Արեւմտեան շրջանին մաս կազմող Քեւին Տիւրընթ եւ Պլէյք Կրիֆին նշանակեցին 38-ական կէտ, սակայն ատիկա իրենց կազմը պարտութենէ մը չփրկեց: Արեւելեան շրջանէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 31 կէտ: Իսկ անոր խմբակից Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 30 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

