«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն – Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի – Պարսելոնա
Բաւական երկար դադարէ մը ետք, այսօր` երեքշաբթի, 18 փետրուարին, կը վերսկսի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենան 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումները:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ են Պայէր Լեւերքուզըն – Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Մանչեսթըր Սիթի – Պարսելոնա ճակատումները: Մրցումները պիտի սկսին ժամը 21:45-ին Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Վաղը եւս պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական հանդիպումներ (միեւնոյն ժամուն). Ա. Սէ. Միլան պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, մինչ Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի:
Նշենք, որ մրցաշարքը դադրած է խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալէ, այլ` կը շարունակուի նաք-աութ-ի դրութեամբ, բնականաբար նկատի առնելով երթուդարձի մրցումներուն արդիւնքները:
CATEGORIES Մարզական

