ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Պասքեթպոլի Մրցումներուն Մասնակցեցան 62 Աշակերտներ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 16 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 33 աշակերտներ եւ 29 աշակերտուհիներ բաժնուած` գոյներով, որոնք կը ներկայացնէին` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս եւ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանները:
Մրցումներուն աւարտին մասնակցող բոլոր աշակերտները ստացան մետալներ, որովհետեւ պարզապէս յաղթող եւ պարտուող չկար այս մրցաշարքին: Հիմնական նպատակն էր մարզանքը եւ ի մասնաւորի պասքեթպոլի խաղը ծանօթացնել մեր աշակերտներուն: Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:
Ստորեւ` մասնակցող աշակերտները.
Վարդագոյն խումբ` Գարին Սարգիսեան, Ինեսսա Քեչեկ, Լորի Կիւլիւմեան, Կասիա Թիւթելեան, Սարին Տեմիրճեան, Սէրլի Թապուճեան, Վանեսսա Ապաճեան, Վարդի Մերտխանեան, Արփի Տարաքճեան եւ Սիլվի Գալայճեան:
Կանաչ խումբ` Էլիսսա Միսքենեան, Ճեսսի Տեմիրճեան, Նաթալի Սանճեան, Նանօր Հէյպելեան, Շողակ Հաւաթեան, Տալիտա Կոճիկեան, Քրիսթել Չիշեան, Կասիա Վարդանեան եւ Շաքէ Սիմիզեան:
Նարնջագոյն խումբ` Կասիա Նորշահեան, Ճեսսի Գրիգորեան, Մարիա Հալլաճեան, Մեղեդի Սովլեան, Մէյրի Խոխաքլեան, Նարօտ Գլըպոզեան, Սարին Նալպանտեան, Սեսիլ Շարպօ, Սէրլի Այվազեան եւ Սելին Ղազարեան:
Կարմիր խումբ` Գրիգոր Թենեքեճեան, Ժաք Խաչօ, Կարէն Խալոյեան, Մայք Քէօշկերեան, Յովիկ Յովհաննէսեան, Յովսէփ Տեմիրճեան, Նարեկ Ֆիլիկեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Սագօ Տեմիրճեան եւ Վարդան Ժըմմօ:
Կապոյտ խումբ` Արթիւր Գասպարեան, Քարլոս Մոսկոֆեան, Ժաքոպ Աճեմեան, Ժորժ Թումա, Մայք Պետիկեան, Նարեկ Ներսէսեան, Սերժ Գազանճեան, Սեւակ Գասապեան, Վարանդ Նաշալեան, Վահէ Յակոբեան եւ Սերժ Մոմճեան:
Դեղին խումբ` Արեգ Չաղլասեան, Արմէն Կարօ Հաճինեան, Իսահակ Կիպինեան, Կորիւն Կիւլեան, Յովհաննէս Հալլաճեան, Ռալֆ Մարտօ, Սերժ Մամիկոնեան, Տիգրան Գալայճեան, Քրիստիան Արաբ Սէյիսեան, Ֆրետի Պալապանեան եւ Անտրէ Սահիլի:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

