Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք քաղել վերջերս ձեր իրագործած աշխատանքներուն պտուղը, որով պիտի յառաջդիմէք դէպի նոր ծրագիրներու լաւագոյնս իրագործման:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինքնավստահ էք, այսուհանդերձ ձեր մտադրութիւնը կրնայ նորութիւն մը ստեղծել, որուն ծանօթ չէիք: Դիմեցէք փորձագէտի մը, կ՛օգտուիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քունը շատ կարեւոր է ցերեկուան աշխատանքին կանոնաւոր ընթացքին համար: Այս կէտը նկատի առէք, որպէսզի չդանդաղի ձեր գործունէութիւնը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գլուխ գլխի հաճելի հանդիպում մը ձեզ պիտի մղէ ձեռնարկելու նոր նախաձեռնութիւն մը, որ ձեր ապագան կրնայ յուսատու դարձնել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոյն որոշումին վրայ մի՛ մնաք, որովհետեւ փոփոխութիւններ կան ձեր ծրագրած աշխատանքին կիրարկումին վերաբերեալ: Ականջ տուէք նոր բանաձեւումներու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առանձնութիւնը լաւ է, բայց երբեմն ալ հարկ է միանալ ընկերային հանդիպումներու` սրամիտ անձերու ընկերակցութեամբ: Նոր միտքեր կը յղանաք եւ դուրս կու գաք միօրինակութենէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բախտախաղը մոլութիւն է, բայց երբեմն բախտ փորձելը հաճելի է, պայմանաւ որ աննշան ներդրում մը կատարէք: Եթէ բախտաւորուիք կամ տուժէք, մի՛ կրկնէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ արուեստի վերաբերեալ հանդիսութեան մը ներկայ ըլլաք, ձեր տրամադրութիւնը բարելաւում կ՛ունենայ: Մասնաւորաբար երաժշտութեան ներգործութիւնը կը շոյէ ձեր զգացումները:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ դժգոհութիւն մը ունիք ձեր մէկ գործակիցին կամ ձեր ընտանիքին մէկ անդամին նկատմամբ, արտայայտուեցէք, բայց` փափկութեամբ, ոչ` կարծր խօսքերով: Ոչ ոքի արժանապատուութիւնը վիրաւորեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շնորհաւորանքի խօսքեր պիտի լսէք ձեր կատարած մէկ իրագործման համար: Օրը պիտի անցնի բարձր տրամադրութեամբ: Շարունակեցէք ձեր լաւ ընթացքը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պատահական հանդիպում մը կրնայ յանգիլ սերտ բարեկամութեան: Ձեր նոր ծանօթացած անձը պիտի հմայէ ձեզ իր գիտութեամբ. պիտի օգտուիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր տեսած երազը ազդած է ձեր տրամադրութեան բարելաւման: Հաւատացէք, որ կեանքն ալ երազը է, եւ երազն ալ կրնայ կեանք ըլլալ:

Share this Article
CATEGORIES