50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1964)

Թրքական Ակնոցով.

Ինչպէ՞ս Սպաննուեցաւ
Թալէաթ Փաշան

Սպանութենէն 10 Վայրկեան Առաջ Թալէաթ Իր Կնոջ Ըսած Էր.
«Հայրիէ, Ներսս Տարօրինակ Նեղութիւն Մը Ունիմ».
Ան Նախզգացած Էր Իր Սպանութիւնը

Ամբողջ երկու օր դաշնակցականներ խրախճանութիւններ ըրին Թիֆլիսի մէջ` ցար Նիքոլայի ի պատիւ: Ապա բնականոն կեանքը վերահաստատուեցաւ, եւ ես ալ դրամս փրկելու համար բռնեցի «Ազգ. պիւռօ»-ի ճամբան:

Եւ երբ կը կարծէի, որ 4800 ոսկի առնելիքս պիտի տրուէր այս դիմումիս, բոլորովին նոր դէպք մը կը սպասէր մինչդեռ ինծի` որպէս մեծ անակնկալ:

Երկու օր առաջ «Հաճեցէք կէսօրէ վերջ հրամել» ըսած էին ինծի. իսկ այսօր մարդը զիս չէր ճանչնար անգամ:

– Ի՞նչ կ՛ուզէք,- հարցուց ինծի` նոր տեսածի նման: Նախ, պաղարիւնս պահեցի եւ խնդիր չյարուցանելու համար պատասխանեցի.

– Երկու օր առաջ եկեր էի, կարծեմ թէ չյիշեցիք:

– Հոս այնքա՜ն շատ մարդ կու գայ կ՛երթայ որ… ճիշդն ասած չկրցայ ճանչնալ: Բա՞ն մը կ՛ուզէիք:

– Ձեզի Էրզինճանէն 4800 ոսկինոց ստացագիր մը բերած էի:

– Հա՛, այո՛, այո՛, դուք անցեալ օր այդպիսի բանի մը մասին էր, որ կը խօսէիք, յիշեցի: Այն ատեն շատ զբաղած էինք եւ չկրցանք հետաքրքրուիլ: Տուէ՛ք նայինք սա ստացագիրը:

– Ո՞ր ստացագիրը:

– Ձեր Էրզինճանէն բերած ստացագիրը:

– Առաջին գալուս ստացագիրը արդէն առին ինձմէ:

– Ո՛չ, ես ձեզմէ ստացագիր չառի:

– Դուք չառիք, բայց դուռը կեցող ձեր բարեկամը առաւ, անգամ մըն ալ երեւան չելաւ:

– Ուրեմն նախ սա ստացագրի խնդիրը կարգադրենք,- ըսաւ ու զանգը հնչեցնելով` սպասաւորը կանչեց, որուն հրամայեց.

– Աւագ հաշուապահին մօտ գնա եւ հարցուր, թէ տեսնենք 4800 ոսկինոց ստացագիր մը հասե՞ր է իրենց:

Այս անակնկալ վերաբերումը շատ ջղայնացուցած էր զիս: Եւ սակայն, որոշած ըլլալով սպասել այս կատակերգութեան վերջաւորութեան, բարկութիւնս զսպեցի եւ համբերեցի:

Վերջապէս սպասաւորը վերադարձաւ եւ հետեւեալ պատասխանը բերաւ.

– Ստացագիրը հաշուակալին քով է, բայց հաշուակալը կ՛ուզէ զայն բերողը տեսնել:

Այս պատասխանը համբերութիւնս սպառեց եւ ոստումով մը ցցուեցայ սպասաւորին դիմաց:

– Շո՛ւտ զիս տնօրէնին մօտ տար,- պոռացի զայրացած:

Հաշուակալական դիւանի տնօրէնը յաղթանդամ մարդ մըն էր: Ցար Նիքոլայի հսկայ նկարին կռթնած, որ ամբողջ պատը կը գրաւէր, ինծի կը նայէր:

Ներս մտայ բարկաճայթ եւ գոչեցի.

– Զիս կանչեր էք, ահա՛ւասիկ:

Մարդը փորձեց կենցաղավարութեան դաս տալ ինծի եւ ըսաւ.

– Հոս պաշտօնական գրասենեակ մըն է: Եթէ պաշտօնական գրասենեակ իսկ չըլլայ, բարեկիրթ մարդը փակ տեղէ մը ներս մտնելու ատեն գլխարկը կը հանէ, ներս կը մտնէ ու հոն գտնուողները կը բարեւէ:

* * *

Ինչպէս կը տեսնէք, հայ կուսակցականները անձնական նկատումներու պատճառաւ իտէալ եւ այլն ալ չեն գիտեր, որեւէ նուիրականութիւն չեն ճանչնար:

Անոնցմէ շատեր օտարներու գրգռութեամբ է, որ գործած են եւ անոնց առատօրէն վճարած գումարներով ալ` իրենց ընկերները աղէտի առաջնորդած:

Թեհլիրեանի յիշատակները շատ մը պատմական իրողութիւններ կը պարզեն մեր աչքերուն առջեւ: Հայկական Դաշնակ կուսակցութիւնը, որ շատ ընդարձակ ցանցով մը կը գործէր նաեւ Պոլսոյ մէջ, օժանդակութիւն կը ստանար ամէն պետութենէ: Անգլիացիներն ու ֆրանսացիները իրենց ամբողջական կազմով սատար կը հանդիսանային անոնց գործունէութեանց: Ֆրանսական ուժերու հրամանատարը, Հանրիէթ անուն ֆրանսացի աղջիկ մը տուեր էր հայկական Դաշնակ կոմիտէի նախագահ Հրաչի մօտ: Այս Հանրիէթն էր, որ Թալէաթ փաշայի սպաննիչին` Սողոմոն Թեհլիրեանին հետ ծանօթացեր էր Պոլսոյ մէջ, իսկ աւելի յետոյ, Պերլինի ոճիրէն անմիջապէս ետք, շարժման անցեր էր եւ նոյնիսկ Թեհլիրեանը կախաղանէն փրկելու յաջողեր:

Այս բանը պատմած էր Թալէաթ փաշային կինը` Հայրիյէ հանըմ, որ կ՛ըսէր.

«Այդ օր, ամէն օրուան պէս, տունէն ելաւ ու ժամը 10:00-ին վերադառնալով` ըսաւ.

– Ելի՛ր, Հայրիյէ, հետդ քիչ մը պտտինք, օդ մը առած կ՛ըլլաս:

«Ես խոհանոցը կերակուրի պատրաստութեամբ զբաղած էի:

– Չեմ կրնար,- ըսի,- շատ յոգնած եմ եւ յետոյ` կերակուրի պատրաստութիւնն ալ չեմ ուզեր սպասուհիին թողուլ:

– Դո՛ւն գիտես,- ըսաւ, բայց չէր ուզեր տունէն բաժնուիլ: Մինչեւ դուռ կ՛երթար ու կրկին կը վերադառնար եւ ամէն անգամին դողդոջուն ձայնով մը կ՛ըսէր.

– Մնաս բարով:

Ու ետ կը դառնար կրկին, կը կենար դիմացս ու երկա՜ր երկար կը նայէր աչքերուս մէջ` մտայոյզ ու ակնապիշ:

– Փաշա՛,- ըսի,- այսօր տարօրինակ վիճակ մը ունիք: Տղա՞յ էք, ի՛նչ էք, ինչո՞ւ չէք երթար, ի սէ՛ր Աստուծոյ:

– Չե՛մ գիտեր, Հայրիյէ,- ըսաւ,- ներսս տարօրինակ նեղութիւն մը ունիմ: Երբ դուն հետս չըլլաս, ինքզինքս շատ առանձին կը զգամ:

Այսպէս ըսելով` դուրս ելաւ, ես ալ խոհանոց վերադարձայ:

Չեմ գիտեր, թէ որքան ժամանակ անցեր էր, թերեւս տասը վայրկեան, թերեւս ալ աւելի, երբ փողոցի դրան զանգը հնչեց երկա՜ր երկար: Առաջին ներս մտնողը եղաւ Սելանիկի երեսփոխան Մաղլիքայը: Անոր ետեւը կը տեսնուէր տոքթ. Նազըմ` աչքերը սարսափով բացուած, գունատ ու դողդոջուն: Երբ զիս տեսաւ, անպատմելի յուզումով մը աղաղակեց.

– Հայրիյէ՛ հանըմ, Հայրիյէ՛ հանըմ…

Այս սարսափելի տեսարանը երկար տարիներ դրոշմուած մնաց յիշողութեանս մէջ եւ երբեք պիտի չմոռնամ այն աղաղակը, զոր արձակեց տոքթ. Նազըմ մեր դրան առջեւ:

Խենթի պէս վազեցի եւ տոքթ. Նազըմը դիմաւորելով` գոչեցի.

– Նազը՛մ պէյ, նախատեսածս պատահեցա՞ւ:

Ուրիշ ոչինչ կը յիշեմ, նուաղեր, ինկեր եմ…

Ոճրագործին Եւ Վկաներու Խօսքերը

Ոճրագործ Սողոմոն Թեհլիրեան իր գործած այս ոճիրը պատմած է հետեւեալ բառերով.

– Ճամբան` կը քալէր: Քովէն անցայ, յետոյ յանկարծ ետ դառնալով կրակեցի:

Եւ երբ ձերբակալուեցաւ, հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ.

– Ես հայ եմ, ան ալ թուրք էր: Այս դէպքէն վնաս չկայ Գերմանիոյ համար:

Ոճրագործը ձերբակալողներէն Նիքոլաուս, երկրորդ վկան Պորիսլաւ Տիրուլիցքի, Քարլոթենպուրկի ոստիկանապետ Թաուլ Զեքալց, ոստիկանապետ Լեմպերկ, ուրիշ ոստիկանապետ մը` Քնես, ոճիրը պատմեցին իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ Սողոմոն Թեհլիրեան որեւէ առարկութիւն չըրաւ այս վկայութեանց դէմ:

Թալէաթ փաշա կը նախազգար իր սպանութիւնը: Անգամ մը այսպէս ըսած էր բարեկամներուն.

– Զիս օր մը փողոցին մէջտեղը պիտի սպաննեն: Գետին պիտի փռուիմ արիւնլուայ` ճակտէս զարնուած: Անկողնի մէջ պիտի չմեռնիմ ես, այդպիսի մահ մը պիտի չվիճակուի ինծի: Վնաս չունի. թող սպաննեն զիս: Հայրենիքը բան մը չի կորսնցներ իմ մահովս. Թալէաթ մը կ՛երթայ, տեղը հազար Թալէաթներ կու գան:

Ըսածին պէս ալ եղաւ:

Հիմա, Ազատութեան բլուրին վրայ, հայրենիքի սիրոյն զոհուողներուն հետ գիրկ-գրկի, կը ննջէ յաւիտենական քունով:

Share this Article
CATEGORIES