«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին Գեղակերտ Վեհարանը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի վեհարանը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռանիստ Անթիլիասի մայրավանքը, իբրեւ հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ համագաղութային կեդրոն, իւրայատուկ տեղ ունի հայ ժողովուրդի սրտին եւ զգացումներուն մէջ, եւ բարձր դիրք ու հեղինակութիւն` ոչ միայն հայ ազգի զաւակներուն մօտ, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ, օտար եկեղեցական եւ պետական իշխանութեանց մօտ:
Խորէն Ա. վեհափառի գահակալութեան ընթացքին, անոր գործունէութեան գլխաւոր եւ տարածուն երեսը եղաւ շինարարական գործունէութիւնը: Կաթողիկոսարանը բարեկարգուեցաւ եւ ազգային բարերար Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեաններու բարերարութեամբ գեղակերտ վեհարան կառուցուեցաւ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութիւնը վերամշակուեցաւ եւ կաթողիկոսութեան կապուած հաւատացեալներու կամքը արտայայտող եւ գերագոյն հեղինակութիւնը նկատուող կանոնագրութեան յօդուածներուն համաձայն առաջին ազգային ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ նորակառոյց վեհարանի բացման հանդիսութենէն անմիջապէս ետք:
«Ազդակ» օրին, 31 հոկտեմբերին եւ 1, 4, 5, 6 եւ 29 նոյեմբեր 1968-ի թիւերով, լայն տեղեկատուութեամբ անդրադարձած է վեհարանի բացման հանդիսութեան եւ ազգային ընդհանուր ժողովի օրակարգերուն եւ արծարծուած հարցերուն:
***
Բարձր հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր 1968, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի նորակառոյց վեհարանին պաշտօնական բացումը:
Ներկայ էին Խորէն Ա. կաթողիկոս, կաթողիկէ հայոց պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեան, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք., Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արք., Յունաստանի հայոց առաջնորդ Սահակ արք., կաթողիկէ հայոց պատրիարքի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպիսկոպոս Թերզեան, Դրան եպիսկոպոս, Գարեգին եպիսկոպոս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան վարդապետներ, պետական երեսփոխաններ, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Ազգային ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորներ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ երեւելի ազգայիններ իրենց տիկիններով:
Պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան անհանգստութեան եւ մեթր Խաչիկ Պապիկեան քաղաքէն բացակայ ըլլալով չկրցան ներկայ գտնուիլ:
Ժամը ճիշդ 4:00-ին ժամանեց նախագահ Շարլ Հելուի ներկայացուցիչ` վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի: Վարչապետը կաթողիկոսարան մուտքին արժանացաւ զինուորական պատիւներու: Ոստիկան զօրաց ջոկատը աչքէ անցընելէ ետք, վեհափառն ու վարչապետը սիրալիր ողջագուրուեցան: Ապա վարչապետ Ապտալլա Եաֆի կտրեց նորակառոյց վեհարանի մուտքի ժապաւէնը եւ ներկաները մուտք գործեցին գեղակերտ վեհարանէն ներս, որուն մուտքի դրան վրայ արձանագրուած է.
| Կառուցաւ վեհարանս արդեամբ եւ ծախիւք տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանի ի հայրապետութեան Տ. Տ. Խորենայ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ | |
| Ի թուին հայոց ՌՆԺԷ եւ յամի Տեառն 1968 | |

Վարչապետ Եաֆիի կողմէ շքանշանի տուչութիւն բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի
Խորէն Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով շնորհակալութեան առաջին խօսքը ուղղեց հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, որուն բարձր հովանաւորութիւնը կը վայելէ այսօրուան բացման արարողութիւնը: Շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Ապտալլա Եաֆիի, լիբանանեան կառավարութեան: Ապա աղօթեց, որ Աստուած մեր լիբանանեան գեղեցիկ հայրենիքին պարգեւէ բարօրութիւն, բարգաւաճում, ծաղկում եւ վերելք:
«Այս առիթով,- ըսաւ վեհափառ հայրապետը-, մենք քաղցր եւ հաճելի պարտականութիւնը ունինք յայտնելու մեր սրտալից շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտական ջերմ զգացումները մեր թանկագին բարեկամին եւ ազգային բարերարին` տիար Գէորգ Չաթալպաշեանին, ինչպէս նաեւ իր շնորհալի կողակցին` տիկին Արշակուհիին, որոնք սիրով ընդառաջեցին մեր դիմումին եւ լիառատ նուիրատուութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը օժտեցին այս գեղեցիկ վեհարանով: Կ՛աղօթեմ որ Աստուած անվտանգ պահէ բարերարը եւ իր բոլոր հարազատները: Մշտատեւ առողջութիւն եւ երջանկալից երկար կեանք, լի բարերարութեամբ:
«Կեցցէ՛ շինարար եւ ստեղծագործ հայ ժողովուրդը»:
Ապա խօսք առաւ վարչապետ Ապտալլա Եաֆի եւ յանուն հանրապետութեան նախագահին, շնորհակալութիւն յայտնեց Գէորգ Չաթալպաշեանին, այս գեղակերտ շինութեան համար:
«Նախագահ Շարլ Հելու,- յայտնեց վարչապետը,- այս պատուական հայը կը պատուէ Մայրիներու Ազգային Կարգի Ասպետի շքանշանով»:
Խանդավառ ծափերու տակ վարչապետ,- Ապտալլա Եաֆի շքանշանը զետեղեց Չաթալպաշեանի կուրծքին:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ շնորհակալութիւն: Այնուհետեւ, ներկաները պտըտեցան գեղակառոյց վեհարանի բոլոր բաժանմունքները:
Վարչապետ Ապտալլա Եաֆի իր մեկնումին դարձեալ արժանացաւ զինուորական պատիւներու:
***
Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի մեծագումար նուիրատուութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը եւ բաժանումները:
Առաջին իսկ ակնարկով աչքի կը զարնէ վեհարանի ճակատը զետեղուած հայրապետական զինանշանը` կիլիկեան երկգլխանի արծիւով:
Մինչեւ մուտքի շեմ, տասնեակ մը լայն սանդուխներ, որոնց աջին եւ ձախին փոքր պարտէզներ:
Մուտքի դուռները պրոնզէ. կողմերուն` մէկական պրոնզէ լապտեր: Դուռներուն վերեւ, պատին վրայ փորագրուած է յուշագրութիւն մը հետեւեալ արձանագրութեամբ.
| «Կառուցաւ Վեհարանս արդեամբ եւ ծախիւք տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանի, ի հայրապետութեան Տ. Տ. Խորենայ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: | |
| «Ի թուին հայոց ՌՆԺԷ եւ յամի Տեառն 1968»: | |
Մուտքէն ներս գաւիթ: Գաւիթին առջեւ, պրոնզէ դուռներով կը բացուի պաշտօնական դահլիճը: Դահլիճի ճակատի պատին վրայ զետեղուած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին նկարը: Երկու կողմերու պատերուն վրայ, աջին` կաթողիկոսարանի կալուածին բարերար տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մաթիլտ Գայըգճեաններու նկարը, ձախին` վեհարանի բարերար տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեաններու նկարը: Դահլիճի ջահերը ամբողջութեամբ պրոնզէ են: Երկու կողմերու վրայ շարուած են մօտ 40 բազկաթոռներ, որոնց կեդրոնը` ճակատի կողմը հայրապետական գահը կիլիկեան արծիւով եւ առիւծագլուխ թեւերով: Գահը ամբողջութեամբ բանուած է ցորենի, ողկոյզի, հասկերու եւ այլ նշաններու զարդաքանդակներով: Գահին վրայ հայրապետական մական եւ թագ: Գահին առջեւը, վեհափառի ոտքին տակ, արծուահիւս կարմիր գորգ:
Դահլիճի կողմերու նրբանցքներուն եւ ամբողջ վեհարանի երդիքները զարդաքանդակուած են հայկական մոթիֆներով:
Գաւիթին աջ կողմը նախ սպասման սենեակը, ուր կայ հեռաձայն եւ ուր կը մնայ բարապանը: Անմիջապէս քովը բարապանի սենեակը: Ապա երեք սենեակներ` դիւանի յատուկ:
Առաջին սենեակի մետաղեայ դարակներուն մէջ կան նախկին բոլոր արխիւները եւ Գարեգին կաթողիկոսի ձեռագիրները:
Երկրորդը` յատուկ կահաւորումով, հաշուակալութեան գրասենեակն է:
Երրորդը` դիւանապետի գրասենեակը:
Դահլիճի կռնակի լայն նրբանցքը, իր բոլոր յարմարութիւններով, խորհրդակցութեան սրահն է` ժողովականներու յատուկ: Պատերուն մէջ, արժէքաւոր գոյքեր դնելու համար կան թաւիշով ծածկուած վեց դարակներ:
Գաւիթի ձախ կողմը` կահաւորուած երկու հիւրասենեակներ պաշտօնական անձնաւորութիւններու համար: Ապա, արդիական կահաւորումով վեհափառին մատենադարան-ժողովասրահը:
Մուտքի գաւիթէն երկրորդ յարկ բարձրանալու համար, աջին եւ ձախին գորգածածկ եւ փորագրուած բազրիքներով սանդուխներ:
Նախ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար նայող ընդարձակ պատշգամ մը: Ձախին, սպասման բուն սրահը, կահաւորուած, գաւազանակիր վարդապետի յատուկ: Ապա վեհափառ հայրապետի գրասենեակը եւ ննջասենեակը` արդիական կահաւորումով:
Կեդրոնը` պատշգամով, գեղեցկօրէն կահաւորուած ընդունելութեան մեծ սենեակը, շատ սիրուն զարդարուած պատերով, գրաւիչ վարագոյրներով եւ քրիսթալ լուսաւորութեամբ: Կայ նաեւ տեսարժան մեծ թապլօ մը, գործ` նկարիչ Մախոխեանի:
Այս սենեակին մէջ կ՛ընդունուին պետական եւ հոգեւոր պետերը, դեսպաններ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ:
Դէպի աջ` վեհափառին ճաշասենեակը, ուր զետեղուած է հաւկթաձեւ երկար սեղան մը 16 աթոռներով, վեհափառի հիւրերուն համար: Կեդրոնը կախուած է մեծարժէք պրոնզէ ջահ մը:
Քովի սենեակը խոհանոց, արդիական սարքաւորումով, ապա իր բոլոր յարմարութիւններով հիւրասենեակ-ննջասենեակ, հիւր հոգեւոր պետի յատուկ:
Կաթողիկոսարանի Բակի Աղբիւրը
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի հարաւային կողմը, մայրիներու շուքին տակ կը գտնուի սրբատաշ քարերով եւ երեք ծորակներով, հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած աղբիւրը:
Կառուցուած` Կիրակոս Կէօչէրեանի նուիրատուութեամբ, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ կողակիցին` Լինտա Կէօչէրեանի:
* * *

Խորէն Ա. վեհափառ, վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, աջին` Պաթանեան պատրիարք
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, 31 հոկտեմբերէն 3 նոյեմբեր 1968-ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ ազգային ընդհանուր ժողով:
Խորէն Ա. վեհափառ իր բացման ճառին մէջ արտայայտուեցաւ կաթողիկոսարանի գործունէութեան մասին:
Դպրեվանքը արդիւնաւորապէս շարունակեց իր կրթական գործը հոգեւորականներու պատրաստութեան գծով: Նկատի առնելով զանազան մանկավարժական եւ կուսակրօն հոգեւորականներու պատրաստութեան հետ կապուած հարցեր եւ մանաւանդ հայ լեզուի, պատմութեան եւ գրականութեան ուսուցիչներու հետզհետէ աճող կարիքները, որոշուեցաւ դպրեվանքի կրթական ծրագրին եւ դրութեան մէջ ընել այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնցմով հայ հոգեւորականի պատրաստութեան զուգահեռ` զարգանայ եւ պտղաբերի նաեւ հայ ուսուցչի պատրաստութիւնը ի սպաս հայ դպրոցին եւ հայկական դպրութեան:
Կաթողիկոսարանին հրատարակչական գործը զարգացնելու առաջադրութեամբ` մասնաւոր հոգածութեան առարկայ դարձաւ կաթողիկոսարանին տպարանը, զայն օժտելով նոր շէնքով եւ արդիական մեքենաներով եւ գործիքներով:
Մշակութային-հրատարակչական կալուածէն ներս հաստատուեցան Սէրէնկիւլեան եւ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կապը Սուրբ Էջմիածնի ամենայն հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսին հետ եղաւ միշտ եղբայրական սիրոյ ոգիով ամրացած կապ մը:
Եղբայրութեան, միութեան եւ համագործակցութեան նոյն ոգին եղաւ մղիչ ուժը կաթողիկոսութեան յարաբերութեանց Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն հետ:
Համազգային եւ քրիստոնէական գործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքները եղան հիմնական տուեալները կաթողիկոսութեան յարաբերութեանց հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ, յաճախակի առիթներով փոխադարձ այցելութիւններ տալով իրարու եւ օգտաշատ խօսակցութիւններ ունենալով հայ ժողովուրդի ընդհանրական հարցերուն եւ արդի եկեղեցական շարժումներու մասին:
Հայ ազգի ընդհանրութեան այս շրջագիծէն դուրս, զարգացան Ս. Աթոռին յարաբերութիւնները օտար քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ միջազգային-եկեղեցական կազմակերպութիւններու հետ:
Եկեղեցական այս կալուածէն զատ, սիրալիր յարաբերութիւններ մշակուեցան կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերու պետական իշխանութիւններուն հետ:
Պատգամաւորները լայնօրէն արտայայտուեցան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ ծխական բարենորոգչական հարցերու շուրջ:
Ազգային ընդհանուր ժողովը մասնաւոր շնոհակալութեան խօսք արձանագրեց շինարար վեհափառ հայրապետին` Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որ Կիլիկեան Ս. Աթոռը հասցուց բարգաւաճ վիճակի:
Արդարեւ, շնորհիւ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի շինարար եւ անխոնջ ջանքերուն, ժողովրդային բնակարաններու աւանը, եկամուտ բերող կալուածները եւ կաթողիկոսարանէն ներս կատարուած շինութիւններն ու բարեզարդումները իրականացան առատաձեռն նուիրատուութիւններովը բարերար ազգայիններու, որոնք սիրով ընդառաջեցին վեհափառ հօր դիմումներուն:
Որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, վաւերացուեցաւ ամերիկահայոց թեմական կանոնագրութիւնը: Որոշուեցաւ նաեւ առանձին ֆոնտ մը հիմնել, անհրաժեշտ պարագային օժանդակելու համար թեմերու կարիքներուն:
Գէորգ Չաթալպաշեանի Ազգային Բարերար
Հռչակման Կոնդակի Ընթերցումը
Կիրակի, 3 նոյեմբեր 1968-ին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան:
«Հայր մեր»-էն առաջ, պատշաճ արարողութեամբ Յունաստանի հայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեան կարդաց կաթողիկոսարանի նորակառոյց վեհարանի բարերար տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանի ուղղեալ օրհնութեան, գնահատանքի եւ ազգային բարերար հռչակման հայրապետական սրբատառ կոնդակը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, նախագահութեամբ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Գէորգ Չաթալպաշեանի ծնողներու հոգիներուն համար:
Այնուհետեւ, թափօրով, վեհափառն ու պատարագիչ սրբազանը առաջնորդուեցան վեհարան, ուր վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ազգային բարերար տէր եւ տիկին Գէորգ Չաթալպաշեանի: Խմբերգուեցան վեհափառ հօր նուիրուած մաղթերգն ու «Կիլիկիա» երգերը:
Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ շնորհաւորութիւն: Հաւատացեալներ ազատօրէն շրջեցան եւ տեսան նորակառոյց վեհարանը:
Կիրակի, 3 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներուն: Ճաշկերոյթի ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Կիլիկեան Մեծ Խաչի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանը եւ ոսկիէ թանկագին յուշանուէր մը տուաւ տիկին Արշակուհի Չաթալպաշեանին:

