Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը» Խորագրով
Բարեսիրական Ցուցահանդէս–Տօնավաճառ

souryahay14022014Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնի սրահին մէջ 14 փետրուարին Տեառնընդառաջ եւ Սուրբ Սարգիս տօներուն առիթով, տեղի ունեցած է «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեսիրական ցուցահանդէս-տօնավաճառ: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 30 սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, զարդեր, հրուշակեղէն եւ այլն:

Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելած է ցուցահանդէս, ծանօթացած է սուրիահայերուն աշխատանքներուն: Նախարարը այս նախաձեռնութիւնը նկատած է սուրիահայերուն համարկման կարեւոր քայլ եւ նշած է, որ տօնավաճառին շնորհիւ անոնք ոչ միայն իրենց աշխատանքները ցուցադրելու, այլ նաեւ գումար վաստակելու կարելիութիւն պիտի ունենան:

Տօնավաճառին մասնակից սուրիահայերուն հետ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ ցուցահանդէս-տօնավաճառէն ստացուած հասոյթին մէկ մասը պիտի յատկացուի «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրի հիմնադրամին:

Սուրիահայերու աշխատանքներու ցուցահանդէս-տօնավաճառը շարունակուեցաւ նաեւ 15 փետրուարին, Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ:

14-16 Փետրուարին Ջերմուկի Մէջ
Պատրաստուեցան 60 Քանդակներ

14-15 փետրուարին, արդէն երրորդ անգամ ըլլալով Դիլիջանի մէջ կայացաւ «Ձնեմարդուկ» փառատօնը: Կազմակերպիչներն են` Ջերմուկի զարգացման կեդրոնի գործօն երիտասարդները եւ տեղւոյն քաղաքապետարանը: Անոնք իրականացուցին հրաշալի ժամանց եւ տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով յագեցած փառատօնային ծրագիր:

«Սառէ քանդակներու ստեղծման հրաշալի արուեստը աստիճանաբար մուտք գործած է նաեւ հայկական իրականութեան մէջ: Փառատօնը կազմակերպելու ժամանակ նկատի առած ենք մէկ բան` Ջերմուկի հարստութիւնը եւ ոսկին, որ ջուրն է` եւ հանքային ջուրը եւ ձիւնը, որոնք պէտք է օգտագործենք ձմեռնային զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով», ըսած է Ջերմուկի զարգացման կեդրոնի համանախագահ Վազգէն Գալստեանը:

«Փառատօնը տարածաշրջանին մէջ միակն է: Բոլոր քանդակներու հեղինակները պարգեւատրուեցան` չհաշուած բուն մրցանակային ֆոնտը: Այդ օրերուն պանդոկները Ջերմուկի մէջ բաւականին մատչելի եղան` մէկ հոգիի համար 8000 դրամ», աւելցուցած է ան:

Փառատօնի կազմակերպիչներէն, ըստ Վազգէն Գալստեանի, Ջերմուկը ունի եղանակային հետաքրքրական առանձնայատկութիւն` ցերեկային ժամերուն միշտ հանգիստ եւ կայուն եղած է եղանակը, երեկոյեան, արեւամուտէն ետք, ջերմաստիճանը` նուազած: Նշենք, որ «Ձնեմարդուկ»-ին մասնակցած է նաեւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը` գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի առաջնորդութեամբ», յայտնած են կազմակերպիչները:

Զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ աւանդական մշակոյթի մատուցումը: Արտասահմանցի զբօսաշրջիկը մեծապէս կը հետաքրքրուի նման մրցումներով եւ ներկայացումներով:

Հաղորդենք, որ սառոյցէ կամ ձիւնէ քանդակներու արուեստին ակունքը ժողովրդական ստեղծագործութիւնն է:

Սարոյեանի Ստեղծագործութիւններուն Վրայ
Հիմնուած Է «Կիսալուսնի Ծովածոցը» Ժապաւէնը

«Փարալըլզ ֆիլմզ» շարժապատկերի անկախ ընկերութիւնը, «Շարմ հոլտինկ»-ը եւ «Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ը 6 մարտին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ պիտի ներկայացնէ բեմադրիչ Մարինէ Զաքարեանի «Կիսալուսնի ծովածոցը» ժապաւէնը: «Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոն»-ի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ երեւանեան անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք «Կիսալուսնի ծովածոցը» պիտի ցուցադրուի երեւանեան շարժապատկերի այլ սրահներու մէջ, պիտի ներկայացուի «Հայակ» ազգային շարժապատկերի մրցանակաբաշխութեան, ապա` Քաննի շարժապատկերի շուկային մէջ:

«Կիսալուսնի ծովածոցը» Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն վրայ հիմնուած, չորս շարժապատկերի բեմադրութիւններէ կազմուած երկարատեւ ժապաւէն է, որուն գործողութիւնները կը կատարուին Կիսալուսնի ծովածոց կոչուող մտացածին քաղաքին մէջ:

Հերոսները պատանիներ են, որոնց անկեղծ եւ ազնիւ հայեացքը կեանքին` ժապաւէնին հիմնական առանցքն է: Ժապաւէնը սերունդի հասունացման մասին է, երբ հերոսները ձեռք կը բերեն աշխարհի ամէնէն կարեւոր բանը` հասկնալու կարողութիւնը: Տարուան չորս եղանակներուն տեղի ունեցող պատմութիւնները կը վերածուին գովքի` Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին եւ մարդուն:

Ժապաւէնի լուսանկարիչն է Միհրան Ստեփանեանը, երաժշտահանը` Լիլիթ Նաւասարդեանը, ձայնաւորողը` Լեւոն Նաւասարդեանը:

Ժապաւէնին մէջ օգտագործուած է «Քամ ան – մայ հօրս» երգը` Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերով, Ռոզ Բաղդասարեանի երաժշտութեամբ, ուր կայ Սարոյեանի ձայնը: Ժապաւէնի արտադրիչներն են` Յովհաննէս Գալստեանը, Գէորգ Գէորգեանը եւ Կարէն Ղազարեանը:

Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են` Սօս եւ Կարէն Ջանիբեկեանները, Աշոտ Ադամեանը, Նանոր Պետրոսեանը, Վիվիէն Բաստաջեանը, Նարինէ Գրիգորեանը, Արա Սարգսեանը, Վարդուհի Ռուշանեանը, Մովսէս Ստեփանեանը, Կարէն Խաչատրեանը: Պատանիներու դերերով հանդէս կու գան` Սամուէլ Վարդանեանը, Ալեքս Բաբայեանը, Անի եւ Սոնա Գալստեանները, Սարգիս Յարութիւնեանը, Աստղիկ Վարդանեանը եւ Ամալեա Զաքարեանը:

Հայաստանի Մէջ Կայ 24 Հազար
Պատմամշակութային Կառոյց

2014 թուականը Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան մէջ հռչակուած է զբօսաշրջութեան տարի: Ոլորտի պատասխանատուներուն համար այս առումով տարին բաւական խճողուած պիտի ըլլայ, յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանը: «Ոլորտի զարգացման գլխաւոր գրաւականներէն է աշխուժ եւ արդիւնաւէտ միջազգային համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս` Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան տարածքին վրայ, ուրկէ մեծ է զբօսաշրջիկներու հոսքը դէպի մեր երկիր: Արդէն պատրաստ է ձեռնարկներու նախնական ծրագիրը, որ կը հաստատուի մարտին կայանալիք Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան զբօսաշրջութեան հարցերով խորհուրդի նիստին ընթացքին: Այդ գործընթացին աշխուժօրէն պիտի մասնակցի նաեւ մեր երկիրը», նշեց ան:

Զբօսաշրջութեան տարին խթան պիտի հանդիսանայ բնագաւառի զարգացման եւ մասնագէտներու միջեւ փոխգործակցութեան, մասնաւորապէս` միացեալ զբօսաշրջային արդիւնք ստեղծելու եւ շուկայ հանելու իմաստով: Ռուսիոյ զբօսաշրջութեան գործակալութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան նախագահ Վալերի Քորովքինը յայտարարած է, որ պատրաստ է ոլորտի զարգացման ռազմավարութիւնը Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան տարածքին մէջ: «Ասիկա լուրջ փաստաթուղթ է, որով փորձած ենք ներկայացնել ոլորտի երկարաժամկէտ զարգացման ուղենիշները: Յոյսով ենք, որ այս փաստաթուղթը պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ջանքերու միաւորման», յայտնած է ան:

Առաջին հերթին կարեւոր են ենթակառուցուածքներու զարգացումը եւ ծառայութիւններու որակը, մատչելիութիւնը եւ արդիականացումը: Այս առումով, Հայաստանի մէջ տարուէ տարի կը կատարուի մեծ աշխատանք: Ամէն տարի Հայաստանի մէջ կը սկսի գործելու 10 նոր պանդոկ: Հայաստանի մէջ կան տարատեսակ զբօսաշրջութեան զարգացման կարելիութիւններ: Միայն պատմական մշակութային կառոյցներուն թիւը կը հասնի 24 հազարի:

Աբովեան Պուրակը Պիտի Վերածուի
Մաթեւոսեանական Միջավայրի

Ժամանակակից հայ արձակի նշանաւոր ներկայացուցիչ Հրանդ Մաթեւոսեան այս տարի պիտի ըլլար 79 տարեկան: Ականաւոր գրողին ծննդեան օրը` 12 փետրուարին, Մաթեւոսեանին հարազատները, ընկերները եւ ընթերցողները այցելած են Կոմիտասի անուան պանթէոն, ծաղիկներ զետեղած` անոր շիրիմին վրայ: Գրողի որդին` «Հրանդ Մաթեւոսեան» մշակութային – բարեգործական հիմնարկի ղեկավար Դաւիթ Մաթեւոսեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ գրողին ծննդեան օրուան առիթով պանթէոն այցելած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ներկայացուցիչներ` Երեւանի քաղաքապետարանէն, Հայաստանի Գրողներու միութենէն, Հրանդ Մաթեւոսեանի անունը կրող դպրոցէն եւ պարզապէս` մաթեւոսեանական արուեստը գնահատողներ: «Այժմ մեր գերխնդիրն է` պատրաստուիլ Հրանդ Մաթեւոսեանի 80-ամեակին: Ներկայիս մենք կ՛աշխատինք Երեւանի մէջ «Հրանդ Մաթեւոսեան» մշակութային կեդրոնի կառուցման նախագծի վրայ: Աբովեան պուրակի շրջակայքին մէջ նախատեսուած տարածքը պիտի վերածուի մաթեւոսեանական միջավայրի: Մշակութային կեդրոնին մէջ ձեւաւորուած պիտի ըլլայ Հրանդ Մաթեւոսեանի աշխատանքային տարածքը` բնակարանը, աշխատասենեակը: Նախատեսուած է, որ գոնէ կեդրոնի շէնքի պատերը  բարձրացուին յառաջիկայ տարուան ընթացքին», յայտնած է Դաւիթ Մաթեւոսեանը:

Կեդրոնին կից պիտի կառուցուի հիւրատուն, ուր պիտի հիւրընկալուին մաթեւոսեանական արուեստը ուսումնասիրողները: Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ դահլիճ, ուր պիտի կազմակերպուին տարատեսակ մշակութային նախաձեռնութիւններ:

«Ստեղծուելիք կեդրոնը պիտի զբաղի մաթեւոսեանական ժառանգութեան ուսումնասիրութեամբ եւ տարածումով: Մեր գերխնդիրն է տէր կանգնիլ Հրանդ Մաթեւոսեանի գրական ժառանգութեանը եւ փոխանցել այն սերունդներուն», աւելցուցած է Դաւիթ Մաթեւոսեանը:

Գրողի որդին ընդգծած է, որ Մաթեւոսեանի տուն-թանգարանի վերանորոգման առնչուած ծրագիրներ կան, ինչպէս նաեւ հիմնարկը մտադիր է իրականացնել Մաթեւոսեանի ստեղծագործութիւններու ակադեմական հրատարակութիւնը:

opera-300x262Մահացած Է Վաստակաւոր Արուեստի Գործիչ
Ռաֆայէլ Յակոբեանցը

72 տարեկանին մահացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր, օփերայի երգիչ Ռաֆայէլ Յակոբեանցը: Ան մահացած է 6 փետրուարին, երկար ատեն քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք: 2013 թուականին ան արժանացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման:

«Բանբեր Հայագիտութեան» Հնգալեզու Հանդէսին Մէջ
Պիտի Հրապարակուին Հայագէտներու Աշխատութիւններ

«Բանբեր հայագիտութեան» հնգալեզու միջազգային գիտական հանդէսի առաջին թիւին շնորհահանդէսը կայացաւ 5 փետրուարին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ: Հանդէսին մէջ պիտի հրապարակուին հայ եւ օտար հայագէտներու աշխատութիւններ, պիտի ներկայացուին դասական հայագիտութեան երախտաւորներու գիտական ժառանգութիւն եւ հայագիտական նորագոյն նուաճումները, հայագիտական տարբեր կեդրոններու ձեռքբերումները եւ հարցերը:

Գիտական հանդէսը իր էջերը լայնօրէն պիտի բանայ բոլոր երկիրներու գիտնականներու հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն համար եւ պիտի հրատարակէ հայագիտութեան բոլոր ճիւղերը ներկայացնող հետազօտութիւններ: Կարեւոր կը նկատուի ստացուած հայագիտական աշխատութիւններու այլ լեզուներու թարգմանութիւնը: Հանդէսը պիտի ունենայ նաեւ լրատու բաժին, մատենագիտական ցանկեր:

«Բանբեր հայագիտութեան» հնգալեզու միջազգային գիտական հանդէսը նաեւ պիտի նպաստէ հայագիտական կեդրոններուն միջեւ միջազգային համագործակցութեան սերտացման, պիտի խթանէ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի համակողմանի հետազօտութիւններու իրականացումը, պիտի հակազդէ Հայաստանի պատմութեան խեղաթիւրումներուն եւ շահարկումներուն, պիտի քննարկէ հայագիտութեան հետագայ զարգացումը խոչընդոտող գործօններու եւ հանգամանքներու յաղթահարման ուղիները:

Հանդէսը լոյս պիտի տեսնէ տարեկան երեք թիւ, անոր գլխաւոր խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու տոքթոր Պաւել Չոբանեանը:

Երեւանի Պետական Համալսարանը 11-րդ Դիրքի Վրայ Է
Նախկին Խորհրդային Լաւագոյն Համալսարաններու Շարքին

Երեւանի պետական համալսարանը նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու լաւագոյն համալսարաններու «Ինթըրֆաքս» խումբի վարկանշային ցանկին մէջ, 2013-ի ամփոփ տուեալներուն համաձայն, կը գրաւէ 11-րդ դիրքը:

«Ինթըրֆաքս» միջազգային տեղեկատուական խումբը 2013-ին հրապարակած է յետխորհրդային երկիրներու (ԱՊՀ, Պալթեան երկիրներ եւ Վրաստան) բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանշային աղիւսակը: Ցանկի կազմութեան ընթացքին նկատի առնուած են միջազգային առաջատար համալսարաններու համաշխարհային վարկանիշը մշակող բրիտանական QS (Quacquarelli Symonds) գործակալութեան մեթոտաբանական մօտեցումները:

Վարկանիշի կառուցուածքը բաղկացած է երեք բաղադրիչներէ` համալսարանի կրթական, գիտահետազօտական եւ միջազգային գործունէութիւն:  Ցանկին մէջ նկատի առնուած են յետխորհրդային տարածքի առաւել յայտնի եւ ճանչցուած 405 համալսարաններ:

Ցանկը կը գլխաւորէ Մոսկուայի պետական համալսարանը, 2-րդ դիրքի վրայ է Պիելոռուսիոյ պետական համալսարանը, 3-րդ` Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանը: Քիեւի համալսարանը կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, իսկ Վիլնիւսի համալսարանը` 5-րդն է: Երեւանի պետական համալսարանը վարկանշային աղիւսակին մէջ 11-րդն է: Տարածաշրջանի համալսարաններէն Թիֆլիսի պետական համալսարանը 51-րդ դիրքի վրայ է, իսկ Պաքուի պետական համալսարանը` 61-րդ:

Ցանկին մէջ կան նաեւ Հայաստանի այլ համալսարաններ` Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանը, Ռուս-հայկական (Սլաւոնական) համալսարանը, Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական եւ Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանները, Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական եւ Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանները:

Պրուս Լիի Մասին Հայ Բեմադրիչին Ժապաւէնը
Պիտի Նկարահանուի Արցախի Մէջ

Արեւելեան մարտարուեստներու վարպետ, դերասան, արտադրող եւ Պրուս Լիին նուիրուած հայ բեմադրիչին ժապաւէնը պիտի նկարահանուի Արցախի մէջ: Արմատներով արցախցի բեմադրիչին նախաձեռնութեամբ ժապաւէնին նկարահանումը պիտի սկսի ամրան` յունիս-յուլիսին: Շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագիր եւ արտադրող Արա Առուշը (Առուշանեան) Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի աջակցութեամբ Արցախի սրտին մէջ պիտի ստեղծէ նոր աշխարհ` «Անունս Պրուս Լի է» ժապաւէնի միջոցով: Էքշըն տեսակի երկարատեւ խաղարկային շարժանկարը տարիքային սահմանափակում պիտի չունենայ: Արա Առուշի համոզումով, ժապաւէնը հաճոյքով պիտի դիտեն թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը: Բեմադրիչը վստահ է, որ ժապաւէնը յաջողութիւն պիտի ունենայ եւ պիտի տարբերի Պրուս Լիի մասին պատմող այլ ժապաւէններէ: «Այս ժապաւէնը ընդհանրապէս կը տարբերի Պրուս Լիի մասին պատրաստուած միւս բոլոր ժապաւէններէն, որովհետեւ անիկա լեցուն է նոր լուծումներով եւ բացայայտումներով, որոնց դուք ականատես կ՛ըլլաք պաստառներուն վրայ: Ժապաւէնը շատ երկրպագուներ պիտի ունենայ: Ուրախալի է, որ այդ երկրպագուներէն շատերը պիտի ըլլան երիտասարդները, որովհետեւ ժապաւէնին համար ուղենիշ են անոնք: «Անունս Պրուս Լի է» ժապաւէնը չի պատմեր Արեւմուտքի` ամերիկեան արժէքներու մասին: Ո՛չ, այլ փիլիսոփայական եւ հոգեւոր շարժանկար է, որ կը զարգացնէ եւ կը խթանէ երիտասարդներու ինքնաճանաչողութիւնը եւ ինքնագիտակցումը: Այդ շատ կարեւոր է: Ընդհանուր առմամբ` ժապաւէնը շատ խոր իմաստ ունի», նշած է Արա Առուշը:

Հայ բեմադրիչը փետրուարի վերջաւորութեան կը պատրաստուի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպելու Լիի կնոջ` «Պրուս Լի» հիմնադրամի նախագահ Լինտա Լիի հետ: Արեւելեան մարտարուեստներու վարպետին կինը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ ժապաւէնին նկատմամբ: Բեմադրիչը այս հանդիպումը կարեւոր կը համարէ, որովհետեւ անոր միջոցով ժապաւէնը միջազգային շուկայ հանելու հեռանկարներ կը տեսնէ: «Լինտա Լին կը կարծէ, որ այս ժապաւէնին միջոցով պիտի շարունակէ ապրիլ մեծն Պրուս Լիի գաղափարախօսութիւնը», շեշտած է Արա Առուշը:

Փետրուարին սկսան ժապաւէնին նկարահանման նախնական պատրաստութիւնները: Ժապաւէնը պիտի նկարահանուի Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնին, «Բուրան» արտադրական կեդրոնի, «Քեոնինկ արց» եւ «Առուշ պրատըրս» ընկերութիւններու աջակցութեամբ:

Շարժանկարը մեծ պաստառին վրայ պիտի յայտնուի ճիշդ մէկ տարի ետք` 2015 թուականի փետրուարին:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES