Հայրենի Արուեստագէտ Քարլոս Սայադեան Այցելեց «Ազդակ»

DSC09081Երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ, գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեան: Խօսակցութեան նիւթ դարձան ընդհանրապէս հայ արուեստը եւ մանաւանդ գեղանկարչութիւնը յուզող հարցերը:

Յայտնենք, որ վաղը` հինգշաբթի, 20 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի վաստակաւոր արուեստագէտի գեղանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 10 մարտ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )