Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուցած Են Իրանի Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին Դէմ Պատժամիջոցները
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները դադրեցուցած են պատժամիջոցները Իրանի պետական «Էյ.Առ.Այ.Պի.» պատկերասփիւռի կայանին դէմ:
Այժմ արբանեակային կապ տրամադրող արտասահմանեան ընկերութիւնները դարձեալ կրնան ծառայութիւններ մատուցել իրանեան պատկերասփիւռի կայանին` իրենց կարգին չվախնալով իրենց դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու սահմանումէն:
«Այ.Առ.Այ.Պի.»-ի դէմ պատժամիջոցներ սահմանուած էին մէկ տարի առաջ` Իրանի մէջ արտասահմանեան պատկերասփիւռի ալիքներու արգիլման պատճառով: Միացեալ Նահանգներ «Այ.Առ.Այ.Պի.»-ն նաեւ մեղադրած էր սփռուած նիւթերու աղաւաղման յանցանքով:
Այս պատժամիջոցին ջնջուիլը կապուած չէ Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ հիւլէական համաձայնութեան հետ, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներ պարտաւորութիւն ստանձնած էին ջնջելու Իրանի դէմ իրենց հաստատած պատժամիջոցները: