«Սկովտիոյ Համար Բրիտանիայէն Անկախանալէ Ետք Դժուար Պիտի Ըլլայ Անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան» Ըսաւ Պարոսօ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոսօ զգուշացուցած է, որ Բրիտանիայէն անկախանալէ ետք Սկովտիոյ համար «դժուար, եթէ ոչ անկարելի պիտի ըլլայ» Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ:
Խօսելով Սկովտիոյ մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէին մասին` Պարոսօ ըսած է. «Կը կարծեմ, որ ատիկա շատ բարդ, եթէ ոչ անկարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդպիսի նոր անդամի միացման համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ստանալ Եւրոպական Միութեան միւս բոլոր անդամ երկիրներուն հաւանութիւնը»:
18 սեպտեմբերին Սկովտիոյ մէջ կը նախատեսուի հանրաքուէ, որուն միջոցով պիտի որոշուի երկրին Բրիտանիայէն անկախանալու հարցը:
«Արդեօք կը կարծէ՞ք, որ Սկովտիան պէտք է անկախ պետութիւն ըլլայ» հարցումին մեծամասնութեան դրական պատասխանը ստանալու պարագային 24 մարտ 2016-ին Սկովտիան դուրս պիտի գայ Բրիտանիոյ կազմէն:
Սկովտիոյ իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ այդ պարագային կը պատրաստուին անդամակցութեան բանակցութիւններ վարել Եւրոպական Միութեան հետ: