«Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցիլը Սպառնալիք Պիտի Չըլլայ Ռուսիոյ Համար» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

Կէորկի Մարկվելաշվիլի
«Քորրեսփոնտընթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վրացական «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Վրաստան պէտք է կարենայ Մոսկուան համոզել, որ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը սպառնալիք չէ Ռուսիոյ համար:
Վրաստանի նախկին իշխանութիւնները, իսկ այժմ նոր իշխանութիւններուն քաղաքական ընդդիմադիրները «10 տարուան ընթացքին փորձած են աշխարհը համոզել, որ եթէ Վրաստանը ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ ընդունին, ատիկա բացարձակ աղէտ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ համար»: Սակայն, Մարկվելաշվիլիի կարծիքով, այժմ պէտք է Ռուսիան համոզել, որ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը անոր համար սպառնալիք չէ:
«Ի՞նչ է մեր նպատակը: Միշտ ամբողջ աշխարհին ըսե՞լ, որ Ռուսիան սկզբունքային է այն հարցին մէջ, որ մենք պէտք չէ անդամակցինք ՕԹԱՆ-ին եւ Եւրոպական Միութեան, թէ՞ մեր նպատակն է համոզել բոլոր անոնց, որոնց հետ կը խօսինք Ռուսիոյ մէջ, յատկապէս նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի մէջ ներկայութիւնը լուծում պիտի դառնայ բազմաթիւ խնդիրներու, որոնց առջեւ կանգնած է Ռուսիան», նշած է Մարկվելաշվիլի:

