Կիւլ Ալիեւը Թուրքիա Հրաւիրած Է

Կիւլ եւ Ալիեւ
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը` յղում կատարելով azvision.az կայքին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւն ու Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեկ Աթամպայեւը հրաւիրած է Թուրքիա:
Ըստ տեղեկութեան, Կիւլ հեռաձայնած է բոլոր նախագահներուն եւ զանոնք հրաւիրած Թրքական խորհուրդի չորրորդ վեհաժողովին: Նախագահները ընդունած են հրաւէրը:
Վեհաժողովին թուականը չի հաղորդուիր:
CATEGORIES Միջազգային

