Զարիֆ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութեանց Զարգացման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ապտել Ռահման պըն Ղարմանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իրանեան նոր կառավարութիւնը հետաքրքրուած է դրացի երկիրներու, իսլամական պետութեանց եւ մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութեանց զարգացումով:

Զարիֆ Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպանին հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին «շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դիրքն ու դերակատարութիւնը» շեշտեց:

Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարի դրացնութեան սկզբունքին վրայ, իսկ «երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու ներուժն ու առիթները մեծ ու համապարփակ են»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւնները կը ծառայեն երկու երկիրներուն, շրջանին եւ իսլամական աշխարհի շահերուն»:

Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը իր կարգին նշեց, որ «շրջանի երկիրները, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարները կ՛ողջունեն նոր հանգրուանին ընթացքին Իրանի շինիչ ուղղուածութիւնն ու վարմունքը»:

Ան Իրանն ու Սէուտական Արաբիան «շրջանի երկու մեծ պետութիւնները» նկատեց` յոյս յայտնելով, որ «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին»:

Share this Article
CATEGORIES