Գերլարուած Վիճակ` Ուքրանիոյ Մէջ

ukraԵրէկ երեկոյեան Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ ծայր առաւ իսկական փողոցային պատերազմ ամիսներէ ի վեր մայրաքաղաքի Եւրոպական հրապարակին վրայ ցոյց կատարողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Կառավարութիւնը որոշեց փակել Քիեւ տանող բոլոր ճամբաները` մարդկային կորուստներէ եւ տագնապի սրումէն խուսափելու համար:

Ոստիկանները փորձեցին գրաւել Եւրոպական հրապարակի ցուցարարներուն ճամբարները, որոնց կը հսկէին 15-25 հազար ցուցարարներ: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի, ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին լսուած են պայթումներ: Ուքրանական յատուկ ջոկատայիններու հրասայլերը փորձեցին խզել ցուցարարներուն ամիսներէ ի վեր կանգնեցուցած պատնէշները:

Աւելի ուշ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 6 ոստիկաններ: Քաղաքային ցուցարարներու շարքերուն մէջ եւս արձանագրուած են կորուստներ:

Share this Article
CATEGORIES