Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանանը ծայրայեղութիւնը քաջալերող միջավայրի չվերածուի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի խորհրդատու Ապտել Սաթեր Լազ շեշտեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի սպառնացող ահաբեկչական մարտահրաւէրները կառավարութենէն կ՛ենթադրեն ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան ստեղծումը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լրջօրէն կը մտածէ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը նիստի հրաւիրելու մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի շրջանակները հաստատեցին, որ Փարիզի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում մը ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին հետ, սակայն առանց Հըզպալլայի միջամտութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաւասարակշռուած է` աւելցնելով, որ անոր մէջ յաղթական կամ պարտեալ կողմեր չկան: Ժսըր մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու պարագային տարակարծութիւնները կարելի ըլլայ շրջանցել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի առաջարկէ կառավարութեան յատուկ աշխատանքային ծրագիր մը, որուն մէջ պիտի պահանջէ Իսրայէլի դիմադրելու Լիբանանի իրաւունքը ամրագրել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց երկիրը փրկելու` հետեւելով ազգային երկխօսութեան սկզբունքին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի մը մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ իրենց դաշնակիցները զիրենք կը ներկայացնեն` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին մէջ իրենք կառչած կը մնան «Պաապտայի յայտարարութեան»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ տակաւին շատ կանուխ է Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ համաձայնութեան մը մասին խօսիլ:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Պէյրութի մէջ 4 յանցագործներ ձերբակալած է` իբրեւ ահաբեկչական գործողութիւններու մեղսակցած կասկածելիներ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան մաս կը կազմեն փոխըմբռնումի նպատակով եւ ոչ թէ տարակարծութիւններ հրահրելու միտումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES