Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւնները Շարունակուեցան

Ալի Հասան Խալիլ_Ուաէլ Ապու Ֆաուր
Նոր կառավարութեան կողմէ աշխատանքի սկսելու հոլովոյթին շրջագիծին մէջ երէկ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւնները շարունակուեցան առողջապահութեան նախարարութեան մէջ, ուր նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր առողջապահութեան նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլէն ստանձնեց առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատիէն:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան մէջ նոնյպէս տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն մը` նոր նշանակուած նախարար Պութրոս Հարպի եւ նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի միջեւ:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք ստանձնեց նախարարութիւնը նախկին նախարար Մարուան Շարպելէն:
Մաշնուք յայտնեց, որ ինք պիտի ջանայ ներքին գործոց նախարարութիւնը վերածել լիբանանցի քաղաքացիին նախարարութիւնը:
Զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Ֆատի Ապպուտ իր կարգին նախարարութիւնը յանձնեց նոր նշանակուած նախարար Միշել Ֆարաոնի:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան մէջ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւնը կատարեցին նոր նշանակուած նախարար Ղազի Զաայթեր եւ նախկին նախարարը փոխարինող Ահմետ Քարամէ:

