Հըզպալլա Կը Շնորհաւորէ Ռիֆին Եւ Մաշնուքը
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա անցեալ երկուշաբթի օր այցելած է արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ շնորհաւորած զայն` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով: Հանդիպումին ներկայ գտնուած են ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ Իմատ Օսման եւ ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորական գործողութիւններու պատասխանատու գնդապետ Հուսամ Թանուխի:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Սաֆա Ռիֆիի բնակարանին մէջ գտնուած պահուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ եւ շնորհաւորած զայն:
Նշենք, որ Ռիֆի հաստատեց Սաֆայի հետ իր հանդիպումը` նշելով, որ անիկա կողմնակի միջոց մըն է Հըզպալլայի հետ քաղաքական եւ ապահովական գործակցութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

