Իսրայէլեան Ուժեր Մէյս Ժապալէն Դուրս Կը Բերեն Ջախջախուած Հետախուզական Օդանաւի Երեք Բեկորներ
Իսրայէլեան դասակ մը երէկ խզեց սահմանային գիծը եւ փշաթելերը կտրելով անցաւ Մէյս Ժապալ, ուր քառորդ ժամ շրջելէ ետք գտաւ նոյն շրջանին մէջ ջախջախուած «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւի մը երեք բեկորները եւ զանոնք վերցնելով մեկնեցաւ Լիբանանէն:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, իսրայէլեան հետախուզական օդանաւը հինգ օր առաջ ջախջախուած էր, երբ անիկա Լիբանանի վերեւ կը սաւառնէր` Պընթ Ժպէյլի, Եարունի, Ռմէյշի եւ Այթարունի դիմաց իսրայէլեան ուժերուն կատարած ռազմափորձին շրջագիծին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

