Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ «Կառավարութեան Մթնոլորտը Դրական Է» Նշեց Ապու Սաապ

Էլիաս Ապի Սաապ

Էլիաս Ապի Սաապ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ մը` աւելցնելով, որ այս կառավարութեան դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ յարգել երկրին ժողովրդավարական կեանքը, յատկապէս նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու սահմանադրական ժամկէտները:

Ապու Սաապ նշեց, որ համախմբումը քննարկեց կառավարութեան անդրանիկ նիստը` հաստատելով երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Բոլորը համաձայն գտնուեցան երաշխաւորելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծրագիր մը:

Ան աւելցուց, որ քննարկուած է նաեւ քարիւղի հանքերու պեղման նուազուրդը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ քարիւղի գոյութիւնը Լիբանանի համար յոյս մըն է` վերջ տալու իր պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին եւ կերտելու համար երկրին փայլուն ապագայ մը:

«Կառավարութեան մէջ ոչ ոք պէտք է արծիւ ըլլայ, այլ` բոլորս պիտի ըլլանք աղաւնիներու մտայնութեամբ, սակայն առանց խաբուելու», ըսաւ Ապու Սաապ:

Ան եզրափակեց նշելով, որ կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը պիտի ըլլայ կարճ ու կտրուկ` բացայայտելով, որ անոր մէջ նախապէս իր ներդրումը ունեցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը:

«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը հաշիւներ մաքրելու եւ ուրիշը ջնջելու նպատակներ չի հետապնդեր», եզրափակեց Ապու Սաապ:

 

Share this Article
CATEGORIES