«Ոչ Ոքէ Կը Վախնամ, Եւ Ուժանիւթի Նախարարութեան Հաշիւները Բոլորին Դիմաց Բաց Պիտի Ըլլան» Շեշտեց Արթիւր Նազարեան

Arthur-Nazarian18022014Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համար ի գործ դրուելիք ջանքերուն մասին:

Ան հաստատեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ սերտելու նախարարութեան կարիքները, որպէսզի հոգայ զանոնք:

Պատասխանելով կառավարութեան նոր կազմին մասին հարցումի մը` Ա. Նազարեան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերը ներկայացուած են կառավարութեան մէջ` մաղթելով, որ անոնք իրարու հետ գործակցին, «որովհետեւ լիբանանցիները ձանձրացած են տիրող քաղաքական իրավիճակէն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած», ըսաւ ան:

Ուժանիւթի նախարարութիւնը ստանձնելու պատճառներուն մասին Ա. Նազարեան ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը, խորհրդակցելէ ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, յարմար գտաւ, որ այս նախարարութիւնը ես ստանձնեմ»:

Ուժանիւթի նախարարութեան «գրաւչութեան» մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արթիւր Նազարեան շեշտեց, որ ինք գաղտնի ոչինչ ունի, ոչ ոքէ կը վախնայ եւ նախարարութեան հաշիւները բոլորին դիմաց բաց պիտի ըլլան:

«Կը մերժեմ, որ մէկը ինծի դէմ յարձակելու սիրոյն յարձակի` առանց շօշափելի փաստերու», եզրափակեց Ա. Նազարեան:

Share this Article
CATEGORIES