Կառավարութիւնը Այսօր Կը Մշակէ Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք շեշտեցին, թէ կառավարութիւնը պէտք է առաւելագոյնը մէկ շաբաթէն մշակած ըլլայ իր աշխատանքային ծրագիրը, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուելէ ետք պիտի փոխանցուի խորհրդարան եւ անոր շուրջ կատարուելիք քննարկումներուն հիման վրայ կառավարութիւնը պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտած է, որ 11 ամիսը բաւական երկար ժամանակ է կազմելու համար երկրին կառավարութիւնը, եւ քաղաքացիները իրաւունք ունին մեզի հարցնելու, թէ կառավարութեան կազմութիւնը ինչո՞ւ այդքան երկար տեւած է:

Ժրէյժ նշեց, որ նախագահ Սլէյման ընդգծած է, որ հակառակ կառավարութեան ունենալիք կարճատեւ գործունէութեան, անկէ շատ բան կ՛ակնկալուի, յատկապէս վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան հաստատումին եւ քարիւղի հանքերու պեղման նուազուրդները շարունակելու առումով:

Ժրէյժ նշեց, որ վարչապետ Սալամ իր կարգին նշած է, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երկարատեւ ըլլալով հանդերձ, երկրին մէջ ստեղծած է դրական մթնոլորտ մը, աւելցնելով, որ կառավարութիւնը լիբանանեան արտադրութիւն է, իսկ անոր ծնունդը` հրաշք մը` նոյնիսկ եթէ ան հրաշքներ պիտի չկարենայ իրագործել:

Ժրէյժ աւելցուց նաեւ, որ նիստին ընթացքին խօսք առած են նաեւ կարգ մը նախարարներ, որոնք հաստատած են, որ կառավարութեան աշխատանքին համար պէտք է տրամադրել դրական մթնոլորտ եւ բաց գործակցութիւն:

Նիստին ընթացքին կազմուեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Պութրոս Հարպ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի եւ Նուհատ Մաշնուք:

Յանձնախումբը այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Ըստ նախնական տուեալներուն եւ կառավարութեան մէջ տիրող դրական մթնոլորտին, կը նախատեսուի, որ այս յանձնախումբին աշխատանքը հեզասահ ընթանայ:

Վարչապետարանին Մէջ

Զասպիքին եւ վարչապետ Սալամ

Զասպիքին եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետարանին մէջ Թամմամ Սալամ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ քոնկրեսական Թիմ Քէյնի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի:

Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Սալամը` անոր կազմած կառավարութեան առիթով:

Միւս կողմէ, Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ շնորհաւորելէ ետք Սալամը անոր փոխանցեց Մոսկուայի զօրակցութիւնը` Լիբանանի եւ յանձնառութիւնը` երկրին անկախութեան, միասնականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ եւ Սալամին փոխանցեց Եւրոպական Միութեան ողջոյնները` կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Սալամ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիէն, որ մաղթեց Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ երկու երկիրներուն մէջ յաւելեալ ապահովութիւն եւ կայունութիւն իրականացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES