Պերլինի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի Ջարդերու Զոհերուն Եւ Գուրգէն Մարգարեանի Յիշատակին

vahan1116 փետրուարին, Պերլինի Սուրբ Լուիզէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին Հալլէի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գնէլ Գաբրիէլեան հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարեց Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու անմեղ հայ զոհերուն, ինչպէս նաեւ կացինահարուած երիտասարդ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին:

Արարողութեան ներկայ էր Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեան` դեսպանութեան շարք մը աշխատակիցներուն հետ միասին: Գերմանացի հիւրերուն համար պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը ամբողջութեամբ կը թարգմանուէր գերմաներէնի: Եկեղեցական արարողութեան աւարտէն ետք Պերլինի հայ համայնքի տասնեակ մը ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան Հայ եկեղեցական եւ մշակութային միութեան ակումբին մէջ:

Դեսպան Վահան Յովհաննիսեան ողջոյնի խօսք ուղղեց հաւաքուածներուն, յատկապէս կարեւոր նկատելով կազմակերպուած հայութեան համախմբումը հայրենիքի եւ անկախ ու ինքնուրոյն պետականութեան շուրջ: Ելոյթը ջերմօրէն եւ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ հաւաքուածներուն կողմէ, որոնց շարքին բազմաթիւ երիտասարդներ կային:

 

Share this Article
CATEGORIES