Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Ժիհատականները Խոստովանած Են, Որ Կը Կռուին Հայերու, Ռուսերու Եւ Իրանցիներու Դէմ
Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու դէմ կռուող ազրպէյճանցի ժիհատականները հրապարակած են ազրպէյճանցի իսլամականներուն ուղղուած կոչ մը, որուն միջոցով խոստովանած են, որ իրենք Սուրիոյ մէջ կը կռուին իրանցիներու, հայերու եւ ռուսերու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ avropa.info-ն:
Ժիհատականներու պատկանող կայքերու վրայ հրապարակուած է Ֆուրքան Ազերի անունով ազրպէյճանցի ժիհատականի մը կողմէ տարածուած կոչ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ յայտարարութիւնը ուղղուած է «Ազրպէյճանի բռնաճնշումներու տակ գտնուող իսլամականներուն եւ իրանցի, հայ, ռուս ու Ասատի դէմ կռուող ազրպէյճանցի ժիհատականներուն սպառնացողներուն»:
Ազրպէյճանցի ժիհատականը կը խոստովանի, որ ազրպէյճանցիները նոյնպէս միացած են Ասատի դէմ կռուողներուն:
Նշենք, որ ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, 2014-ի սկիզբէն ի վեր Սուրիոյ մէջ սպաննուած է 16 ազրպէյճանցի ժիհատական, իսկ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալներուն թիւը 100 է: Ըստ սուրիական եւ արաբական պաշտօնական լրատուամիջոցներու, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր արմատական իսլամական խմբաւորումներու կողքին կը կռուին 250-300 ազրպէյճանցիներ:

