Նախարար Նալբանդեան Այցելեց Իրաք

Նալբանդեան եւ Զեպարի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Նալբանդեան եւ Զեպարի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարիի հետ:

Հանդիպումէն ետք երկու նախարարներուն տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց, թէ ի՛նչ հարցեր քննարկուած են բանակցութիւններու ընթացքին:

«Մենք քննարկեցինք այցեգիրի դրութեան դիւրացման կարելիութիւնը` ոչ միայն դիւանագէտներուն, այլեւ սովորական քաղաքացիներուն համար: Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ յստակ քայլեր կատարած է իմ այս այցելութենէս քանի մը օր առաջ: Ես տեղեկացուցած եմ իմ գործընկերոջս` Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարիին, Իրաքի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ ապահովելու, ինչպէս նաեւ Էրպիլ քաղաքին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու մտադրութեան մասին», յայտնեց Նալբանդեան:

Նշենք, որ 13 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստին ընթացքին նախարար Նալբանդեան յայտնած էր, որ Հայաստան պիտի վերցնէ Իրաքի քաղաքացիներու այցեգիրերու ստացման սահմանափակումները: Նախապէս գործող կարգին համաձայն, Իրաքի քաղաքացիները միայն համապատասխան հրաւէրի պարագային կրնային արտասահմանի Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն այցեգիրներ ստանալ, սակայն նոր որոշումով Հայաստանի կառավարութիւնը կը հանէ այդ պահանջը, եւ Իրաքի քաղաքացիները այսուհետեւ պիտի կարենան առանց հրաւէրի առկայութեան այցեգիրներ ստանալ Հայաստան ժամանելու համար:

Բացի անկէ, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, կը պատրաստուին նոր համաձայնագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացման: Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ մտադրութիւն կայ յառաջիկային ուղիղ թռիչք ապահովելու Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ:

Իրաքահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ

Իրաքահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ

Նախարար Նալբանդեան նաեւ աւելցուց, որ Հայաստան եւ Իրաք կը պատրաստեն նոր համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերին կրկնակի հարկումէն խուսափելուն եւ համագործակցութեան այնպիսի մարզերուն մէջ, ինչպիսին են գիւղատնտեսութիւնը, քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, շինարարութիւնը, մշակոյթը եւ բազմաթիւ այլ մարզեր:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ Հայաստան եւ Իրաք համագործակցին ընդդէմ Ազրպէյճանի, Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց. «Մենք չենք խնդրեր մեր բարեկամ եւ գործընկեր պետութիւններէն աջակցիլ Հայաստանին ընդդէմ Ազրպէյճանի: Երբեք: Ասիկա մեր դիրքորոշումը չէ: Երբեմն այսպիսի դիրքորոշում կը տեսնենք միւս կողմէն` նկատի ունիմ Ազրպէյճանը, երբ, ըսենք, անոնք կ՛այցելեն այլ երկիրներ: Բայց ոչ Հայաստան: Լեռնային Ղարաբաղի հարցով մենք կը յորդորենք այլ երկիրներուն աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու դիրքորոշումին»:

Յայտնենք, որ Իրաք այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան առիթը ունեցաւ հանդիպում ունենալու նաեւ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդին եւ իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )